
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ապրիլ 22ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան մատուցեց օրուան Ս. պատարագը եւ քարոզեց: Հայերէն առաջին գիրքի տպագրութեան 500ամեակին առթիւ, սրբազանը Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ առաքուած «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանով պարգեւատրեց կրթական մշակներ դոկտ. Մինաս Գոճայեանը եւ Լորա Գույումճեանը, ու իր սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց:
Ապա, սրբազանը անդրադարձաւ քանի մը ա՛յլ առաքելութեանց, որոնք անցած երեք տարիներուն ընթացքին կատարուած են առաջնորդարանի երիտասարդաց վարիչ Աւետիս քհնյ. Աբովեանի գլխաւորութեամբ.
– Երիտասարդ-երիտասարդուհիներ Ապրիլ 24ի առիթով «Վերապրողներու արշաւ»ներու կը մասնակցին.
Առաջնորդը գնահատութեամբ հաղորդեց, թէ Շաբաթ, Ապրիլ 21ին, տէր հօր հետ միասին, տասը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ Փալմտէյլէն մինչեւ առաջնորդարան քալած էին տաք եղանակի տակ, իսկ գիշերն ալ աղօթքով ու խոկումով անցուցած էին Մայր տաճարին մէջ: Քալելու ընթացքին, անոնք ապահոված են նուիրատուութիւններ, որոնք «Հայ քրիստոնեայ երիտասարդաց առաքելութիւն. դէպի Հայաստան» (CYMA) ծրագիրին պիտի յատակցուին՝ Հայաստանի մէջ կարիքաւոր ընտանիքներու բնակարանները վերանորոգելու համար: Սրբազանը ներկայացուց արշաւին հետեւեալ մասնակիցները՝ Գուժ սրկ. Խաչիկեան, Սիրանոյշ Գասպարեան, Ռաֆֆիկ Մուղնեցեան, Սոնա Խաչիկեան, Լիլիթ Խաչիկեան, Կարմէն Կեստէկեան, Տիգրան Անտոնեան, Լիլիա Չօպանեան, Անի Աբովեան եւ Ժագլին Պոյաճեան:
– Արեւմտեան թեմի հովանաւորութեամբ եւ Կլենտէյլի Ս. Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի գլխաւորութեամբ՝ կը գործէ ընտանեկան բռնութիւններու առաջքը առնող յանձնախումբ մը, որուն անդամներէն հինգը այս նիւթին նուիրուած յատուկ դասընթացքներու հետեւեցան: Սրբազանը հինգ անդամները հրաւիրեց ու գնահատեց անոնց մատուցած ծառայութիւնները, ապա յայտնեց, թէ մօտ ապագային Թահանկայի մէջ նոր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս պիտի գործէ ընկերային գրասենեակ մը: Ան ապա Օրհնութեան եւ գնահատութեան վկայագիր մը յանձնեց Սոնիկ Աշխարհեանին, Սետմա Փանոսեանին, Մարիա Համբարեանին, Աննա Գասպարեանին եւ Ժագլին Շախպանտարեանին եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց:
Գնահատական իր խօսքի աւարտին, սրբազանը տուաւ օրուան հոգեւոր պատգամը:
Պատարագի եւ անոր յաջորդող հոգեհանգիստէն ետք, սրբազանը տաճարի հիւիսիսային պատին վրայ կատարեց տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Հայկուհի Տաղլեան բարերութեամբ զետեղուած խաչքարին օծումը: Ապա, արեւելեան պատը առաջնորդուելով՝ յաջորդաբար կատարեց տէր եւ տիկին Ռէյմընտ Նուրուցեանի, տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Սօսի Ատուրեանի, տէր եւ տիկին Կերօ Էքմէքճեանի, տոքթ. Նշան եւ Յակոբ Թապիպեաններու, Սելի Էն Գոթրելի եւ Մարինա Սարգիսեանի բարերարութեամբ զետեղուած խաչքարերուն օծումը: Նուիրատուները հաւաքուեցան առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճը, ուր սրբազանը վկայագիրներ յանձնեց անոնց, ապա կատարեց մատաղի օրհնութիւնը:
Նաեւ, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ, առաջնորդին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, ի պատիւ Լորա Գույումճեանի եւ դոկտ. Մինաս Գոճայեանի: