
Վերջերս գաղութէս ներս տեսանելի երեւոյթ դարձած է շրջանիս արժանաւոր, վաստակաշատ ազգային դէմքերու յատուկ պարգեւատրումներ կատարել՝ դրամահաւաքի պիտակին տակ: Այլ խօսքով՝ դրամահաւաք, որուն ընթացքին նաեւ պարգեւատրում: Ինչպէս կ՛ուզէք հաշուեցէ՛ք:
Տեղին է ըսել, որ կեանքի մէջ երախտագիտութիւնը մարդ անհատը բնորոշող ազնիւ եւ գեղեցիկ տարրերէն մէկն է: Աւելին՝ մեր ազգային կեանքին մէջ խոնջենք ունեցող եւ մեծ նուիրումով գործող հայորդիներու արժանիքները ճանչնալն ու զանոնք մեծարելը յատուկ եւ օրինակելի բարեմաստութիւններ են: Նաեւ, կ՛ուզեմ շեշտել, թէ ցարդ զանազան առիթներով բարձրագոյն շքանշաններու արժանացած մեծարեալ կամ պարգեւատրուած անհատը կամ անհատները, անկասկած, որ արժանի են գաղութի ուրախութեան, համայն հպարտանքին, գիտակից ու անխառն գնահատանքին ու մանաւանդ՝ անկեղծ երախտագիտութեան:
Անկասկած, որ արագավազ այս դարուն, ամէն տեսակի պարգեւատրումները հաճելի խանդավառութիւն մը կը ցանեն մեր դէմքերուն եւ աչքերուն վրայ, եւ միաժամանակ հպարտանք կը փոխանցեն ներկաներուն:
Կը հաւատամ նաեւ, որ այս օրերուն, ամէն բանէ աւելի հոգեկան կարիքը կայ Սփիւռքի մեր կեանքը ջերմացնելու, որովհետեւ ամերիկեան հեւքին մէջ շատ ծանր կը պայքարինք ազգային աւանդ մը պահելու համար:
Կը կարծեմ, որ նման որդեգրումները հրամայական վայելքի մը արդիւնքը պէտք է ըլլան, այլ ոչ թէ պարագայական անհրաժեշտութիւն:
Բայց…
Անկեղծօրէն, ինծի համար նման ձեռնարկները կը դառնան ինքնանպատակ եւ կը շեղին իրենց առաքելութենէն, երբ անոնց կը կցուի դրամահաւաքի պիտակը: Կը կարծեմ, որ պէտք չէ անոնք իրարու խառնել: Ինչո՞ւ…
Որովհետեւ՝
Շատ հաւանաբար, պարգեւատրեալ ազգայինը, իր կարգին կ՛ունենայ բարեկամներու, ընկերներու եւ համակիրներու հոյլ մը, որոնք նոյնպէս կը փափաքին ներկայ գտնուիլ այդ պատմական հանդիսութեան, սակայն դրամահաւաքի որդեգրումը կրնայ զիրենք զրկել հանդիսատեսի իրենց հպարտ իրաւունքէն:
Ուստի, ինչո՞ւ զրկել այս պատեհ առիթէն այն հանդիսատեսը, համակիրը, միութենականը կամ ընկերը, որ ամէն առիթով, միշտ թեւ ու թիկունք կանգնած է մեծարեալին:
Ինչո՞ւ զրկել գաղութը հրապարակային եւ պատմական բնոյթ կրող գեղարուսետական կոկիկ յայտագիրով համեմուած ձեռնարկէ մը, որուն ընթացքին մեծարեալը պիտի ծանօթացուի ողջ գաղութին ու միաժամանակ պիտի փոխանցէ իր փորձառութենէն վերցուած օրինակներ եւ տայ իր հարազատ պատգամը:
Թող այս տողերը ըլլան կոչ մը բոլորին՝ գաղութը ապագային նման պատմական, հպարտանք առթող եւ օգտաշատ ելոյթներէ չզրկելու:
Դրամը, տոլարը՝ իր տեղը, եւ առ ի երախտագիտութիւն ազգային մը մեծարելը՝ ի՛ր տեղը:
Շնորհակալութիւն եւ յարգանքներով՝
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
16 Ապրիլ, 2012