
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ, 24 Ապրիլին մահացած է տաղանդաւոր լրագրող, 57ամեայ Արմէն Դիլանեանը։
Ան եղած է «Ազատութիւն» կայանի երեւանեան գրասենեակի հիմնադիրներէն, հոն աշխատած է 1992-94 թուականներուն, ապա պատրաստած է «Ազատութիւն» կայանի առաջին ռեփորթաժները՝ նորանկախ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ամէնէն առանցքային իրադարձութիւններուն մասին:
1994-1995 թուականներուն Արմէն Դիլանեան աշխատած է վերոյիշեալ կայանի Միւնիխի, իսկ 1995-2006 թուականներուն Փրակայի գրասենեակներուն մէջ։
Վերջին տարիներին Արմէն Դիլանեանն ապրած ու աշխատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, աշխատած է «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանին մէջ իբրեւ վերլուծաբան-հաղորդավար, վարած է տարբեր հեղինակային հաղորդումներ տեղւոյն հայկական ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններէն:
«Ասպարէզ» եւ «Հորիզոն» իրենց խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնեն Արմէն Դիլանեանի ընտանիքին ու հարազատներուն: