Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Երեխաներու դաստիարակութեան մասնագէտ չորս զաւակներու հայր մը իր սեփական փորձառութեամբ կը հաստատէ.

«Չորրորդ անգամն ըլլալով նախածննդեան ծնողական դասընթացքին հետեւեցայ: Առաջին հերթին կինս առանձին չձգելու համար, ապա քաջ գիտակցելով թէ ծնողական մարզէն ներս շատ բան պիտի չկարենաս կատարել գործնականացման քայլէն առաջ, ապա որպէս հոգեբան մասնագէտ՝ յատկապէս ծնողական դաստիարակութեան մարզէն ներս, կը փափաքէի իմանալ եւ տեսնել դասընթացքներու ազդեցութիւնը նոր ծնողներուն, յատկապէս հայրերուն վրայ: Հայրերն ալ պէտք է գուրգուրան ու խնամեն իրենց զաւակներուն. այդ մէկը շատ աւելի պիտի նպաստէ ծնողական աշխատանքին եւ զաւակներու դաստիարակութեան կարեւոր ու ծանր գործին:
«Պատասխանս շատ արագ ստացայ: Հազիւ կարճ դադար մը առած էինք, երբ հայր ըլլալու պատրաստ երիտասարդ մը շուտով եկաւ ու հարց տուաւ, թէ իրապէս հայրերուն աջակցութիւնը անհրաժեշտ է երեխաներուն այս ընթացքին համար»: Ան աւելցուց. «Հայրս երբեք իմ մաքրութեան համար անհրաժեշտ գործերը չէ կատարած, բայց տակաւին ան կը մնայ իմ հերոսս: Ուրեմն կարելի է երեխային խնամքին ու մաքրութեան հոգ չտանիլ, սակայն մնալ լաւ հայր երեխաներուն աչքին»:
«Համարձակութեամբ հարցուցի երիտասարդին, թէ ինք ինչո՞ւ հոն կը գտնուի: Պահ մը մտածելէն ետք պատասխանեց. «Չեմ կասկածիր այն իրականութեան, որ եթէ հայրս ինձմով աւելի շատ հետաքրքրուէր ես աւելի մօտ կրնայի ըլլալ իրեն: Հետեւաբար այս ձեւին դիմեցի, աւելի մօտ զգալու համար»»:
Երեսուն տարուան իր փորձառութիւնը կիսելով հոգեբանը կը հաստատէ, թէ հայրերու հետաքրքրութիւնը երեխաներուն նկատմամբ շատ մեծ պատգամ կը փոխանցէ անոնց: Այն հայրերը, որոնք մայրական կարգ մը պարտականութիւններ կը ստանձնեն, նկատառելի դրական ազդեցութիւն կը դողեն իրենց երեխաներուն վրայ: Երեխան կը տեսնէ ու կը զգայ այս մէկը եւ ապա կը գնահատէ զայն, իր արարքներով ու ձեռքբերումներով:
Կարելի չէ անգիտակ ձեւանալ այսօրուան կեանքին հսկայական պահանջներուն նկատմամբ: Բաւական պարզամիտ պէտք է ըլլալ, հաւատալու համար թէ այս օրերու իրականութեան մէջ, կինը առանձինն պիտի կատարէ շարք մը պարտականութիւններ թէ՛ տան սահմաններէն ներս, թէ՛ արտաքին աշխարհին մէջ եւ թէ զաւակներուն հոգատարութեան, դաստիարակութեան ու հաճոյքին ու խնամքին մէջ: Որքան ալ դուրսը աշխատիք, սակայն լաւ իմացէք որ տան մէջ ձեր կարիքը խիստ կը զգացուի ոչ թէ ֆիզիքական աշխատանքի ու նիւթական հայթայթելու իմաստով, այլ բարոյական նեցուկը, որ կը սպասէ ձեզմէ ձեր կինն ու ապա զաւակը եւ մանաւանդ խաղաղութեան մթնոլորտը, որ պէտք է պարգեւէք դուք սիրելի հայրեր ձեր յոգնած կնոջ ու զաւակներուն համար: «Ես արդէն յոգնած եկած եմ հանգիստ պիտի ընեմ», կամ՝ «երկար առանձին մնալու կարիքը ունիմ, շատ սպառած եմ», կամ նոյնիսկ երկար լոգանքներով ու ընթերցանութիւններով մի առանձնացնէք ձեր անձերը: Յիշենք. ծնողական պարտականութիւնը անձնուիրութեան գագաթնակէտն է: Համահաւասար ընթացքով շատ կարեւոր պատգամ կը փոխանցուի երեխաներուն իրենց ապագայի կեանքին մասին նոյնիսկ: Բոլորդ ալ կը յիշէք Աւետարանի պատգամը կամ օրինակը, ուր կը յիշուի թէ, Ցորենի մէկ հատիկին մահով է, որ հարիւրաւոր նոր ցորենի հատիկներ կը բուսնին:
Ինչպէ՞ս երեխաները կրնան օգտուիլ հօր մը հոգատարութենէն եւ իրենց համար անոր կատարած աշխատանքներէն.
Երբ հայրեր տեղեակ են ու մասնակից իրենց զաւակներու դաստիարակութեան գործին, անոնք իսկապէս առիթ կ՛ունենան լիովին ճանչնալու իրենց երեխան: Այսպէս հայրեր մեծ դեր կրնան խաղալ իրենց զաւակներուն ֆիզիքական եւ զգացական կազմաւորման ընթացքին մէջ: Երեխաները հագցնելէն ու կերակրելէն սկսած մինչեւ անոնց բժշկական այցելութիւններու դասաւորումը, ապա ընկերներուն հետ խաղի ժամեր դասաւորելու պարտականութիւնները ստանձնելը, պատճառ կը դառնայ որ երեխան ամբողջ աճելու եւ զարգանալու տեւողութեան օգտուի այս կարելիութեան ընձեռած առաւելութիւններէն:
Բացի վերոնշեալ շօշափելի իրականութենէն, կը նկատենք հետեւեալ վերաբերմունքները հայրական գուրգուրանք ստացող երեխաներուն մօտ.
– Դերահաս տարիքին ոճրային արարքներէ հեռու կը մնան.
– Շատ աւելի մեծ հաւանականութեամբ դպրոցը կը շարունակեն ու կ՛ամբողջացնեն
– Շատ հաւանաբար աւելի մեծ տարիքի իրենց սեռային յարաբերութիւններ կը մշակեն.
– Աւելի նուազ յարձակողական կեցուածքներ կը ցուցաբերեն.
– Դասերուն մէջ աւելի յառաջադէմ կրնան ըլլալ.
-Թուաբանութեան մարզէն ներս աւելի վերլուծող կրնան ըլլալ, (յատկապէս աղջիկները),
– Աւելի բարձր ուսման դիրքեր եւ եկամուտ ունենալու հակամէտ կրնան ըլլալ.
– Հարցերը հանդարտութեամբ լուծելու հաւանականութիւնը շատ բարձր կրնայ ըլլալ.
– Գերճնշումի նկատմամբ տարօրինակ տոկունութիւն, բարձր մակարդակի կարեկցական ապրումներ, միւս սեռի հետ ընկերութիւն մշակելու ունակութիւններ կ՛ունենան:
Իրականութեան մէջ դժուար է գիտնալ թէ այս բոլորը ինչպէ՞ս կ՛իրականանայ, սակայն յստակ ու որոշ իրականութիւն մը գոյութիւն ունի. տղամարդիկ հորմոններու եւ ուղեղի փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուին նախքան ծնունդը եւ երեխան լոյս աշխարհ գալէն ետք: Հայրական ապրումները եւ զգացումները շատ աւելի բարդ կը թուին ըլլալ հիմա քան ասկէ տասնամեակներ առաջ, երբ գրեթէ անտեղեակ էինք այս իրականութեան նկատմամբ: Վստահաբար յաջորդող տարիները շատ աւելի զեղուն ու ճոխ պիտի ըլլան, այս մարզէն ներս իրենց բերելիք բոլոր բարիքներով: