ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ Ուրբաթ օր այս սիւնակը յատկացուցած էինք Հայաստանի մէջ սկսած բնապահպանական շարժումին զօրակցող լոսանճելըսաբնակ խումբի մը բաց նամակին՝ ուղղուած Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին, ուր կոչ կ՛ուղղուէր սատար կանգնելու «մեր երկրի Աստուածատուր բնութեան պահպանութեանն ուղղուած արդար պայքարին»:
«Հայ եկեղեցու եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի դիրքորոշումը՝ Հայաստանի բնապահպանական խնդիրների շուրջ, պահի հրամայական է», գրած էին բնապահպանները՝ խնդրելով, որ եկեղեցին իր զօրակցութիւնը յայտնէ «հայրենիքի ապագայով մտահոգ բնապահպաններին»:
Ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք, որ վեհափառ հայրապետը չանտեսեց իրեն յղուած բաց նամակը եւ յատուկ հաղորդագրութեամբ մը իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց բնապահպաններուն:
Ստորեւ՝ վեհափառի անդրադարձը՝ իրեն յղուած դիմումին.
«Բնութիւնն արարչաստեղծ իրականութիւն է, որի նկատմամբ պէտք է մշտական խնամք եւ հոգածութիւն դրսեւորել: Այն կոչուած է ծառայելու արարչագործութեան պսակը հանդիսացող մարդու բարօրութեանը եւ մարդուն իրաւունք է վերապահուած խելամտօրէն օգտագործել բնական պաշարները:
Մենք ողջունում ենք բնապահպան կազմակերպութիւնների կողմից դրսեւորուած ուշադրութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը՝ բնապահպանական խնդիրների նկատմամբ:
Բնապահպանական խնդիրներն իրենց լուծումները պիտի գտնեն պետական պատկան մարմինների կողմից օրէնսդրութեան շրջանակներում՝ առաջնորդուած երկրի եւ հասարակութեան շահերով»:
Երկրի եւ հասարակութեան շահերու եւ արարչաստեղծ բնութեան պահպանման միջեւ, եկեղեցին, այսպէս, կը նախընտրէ բաւարարուիլ ողջունելով բնապահպանները, իսկ անոնց պայքարին հանդէպ՝ մնալով կրաւորական. աւելին՝ իր ծանրութիւնը թեքելով իշխանութեանց կողքին՝ անոնց վստահելով հարցերուն լուծումը:
Մենք կը կարծենք, որ բնապահպաններու շարժումը արժանի էր ողջոյնի խօսքերէն քիչ մը աւելիին: