ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- «Հայրենիք» միութեան 20ամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 31ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահին մէջ: Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը ներկայանցող Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեան կատարեց սեղաններուն օրհնութիւնը, ապա կարդաց առաջնորդին ողջոյնի եւ շնորհաւորական պատգամը:
Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը: Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի մէջ պաշտօնավարող Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան այս առթիւ Արցախի անկախութեան 20ամեակի յուշամետալով պարգեւատրեց «Հայրենիք» միութեան ատենապետ Յակոբ Պաշմակեանը եւ գնահատեց միութեան ցուցաբերած օժանդակութիւնները: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մէջ պաշտօնավարող Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի տեղակալ Մարաթ Հայրապետեան եւ խորհրդական Մեսրոպ Շապոյեան: