
ՊՈԼԻՍ.- «Թարիհ» վագըֆը (հիմնարկութիւն) Երեքշաբթի օր, Պէյօղլուի «Ճեզայիր» ճաշարանի հաւաքասրահին մէջ կազմակերպած էր մամլոյ հաւաքոյթ մը, որ նուիրուած էր փոքրամասնական վարժարաններու հիմնական հարցերուն ու կրթական նոր կանոնագրութեան բերած կամ՝ աւելի ճիշդ՝ չբերած լուծումներուն:
«Հետաքրքրական հաւաքոյթ մըն էր, որուն հրաւիրուած էին փոքրամասնական մամուլն ու վարժարաններու ներկայացուցիչները՝ թուրք մամուլի առընթեր, ուստի թուրք մամուլն ու հեռատեսիլի թղթակիցներ եւս ուշադրութեամբ հետեւեցան հաւաքոյթին, որուն ընթացքին օրակարգի բերուեցան պետութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած բազմաթիւ սահմանափակումներ, որոնցմէ ոմանք յայտնի չէին թուրք հասարակութեան», կը յայտնէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Հաւաքոյթը ունէր չորս բանախօսներ, որոնք էին՝ «Թարիհ» վագըֆի կողմէ Կիւրել Թիւզիւն, այս մասին պատրաստուած տեղեկագիրի ու ծրագիրի հեղինակ Նուրճան Գայա, Եշիլգիւղի Հայոց վարժարանի հիմնադիր Կարօ Փայլան եւ յունարէն «Ափոյեւմաթինի» թերթի արտօնատէր ու հրատարակութեան տնօրէն Միխայիլ Վասիլիատիս։
Հաւաքոյթին բացումը կատարեց Կիւրել Թիւզիւն, որ յայտնեց, թէ հաւաքոյթին նպատակն է խօսիլ փոքրամասնական վարժարաններու երէկուան ու այսօրուան վիճակին, ինչպէս նաեւ վերջերս կառավարութեան կողմէ փոքրամասնական վարժարաններու վերաբերեալ ընդունուած նոր կանոնագրութեան մասին։
Ապա խօսեցաւ Նուրճան Գայա, որ դիտել տուաւ, թէ Լոզանի դաշնագիրէն շատ առաջ, Օսմանեան շրջանին, Թուրքիոյ տարածքին կային փոքրամասնական բազմաթիւ վարժարաններ։
«1913-1914 կրթական տարեշրջանին Թուրքիոյ տարածքին փոքրամասնութիւններու յատուկ վարժարաններու թիւը կը կազմէր 2596։ Ասոնցմէ 1245ը՝ յունաց վարժարան, 1084ը՝ հայկական վարժարան, 131ը՝ հրեաներու վարժարան, 6ը՝ պուլկարներու, 1ը՝ քլտանիներու, 29ն՝ ասորիներու, 35ը՝ մարոնիներուն, 2ը բողոքականներու, 46ը՝ կաթողիկէներու եւ 1ը՝ սամիրիներու վարժարաններ էին։ 1923ի Լոզանի դաշնագիրով պաշտպանուեցաւ միայն յունական, հայկական ու հրէական վարժարաններու գոյութեան իրաւունքը։ Դաշնագիրի 40րդ եւ 41րդ յօդուածներուն համաձայն, ապահովութեան տակ առնուած այս վարժարանները քաղաքական պատճառներով յաճախ ենթարկուեցան անիրաւ վերաբերմունքի ու սահմանափակումներու», յայտնեց Նուրճան Գայա՝ աւելցնելով. «Այս անիրաւ կարգադրութիւններուն ու կրթական համակարգէն ծնունդ առած կարգ մը հարցերու պատճառաւ, փոքրամասնական վարժարանները տարուէ տարի կորսնցուցին իրենց աշակերտները ու այդ վարժարաններէն շատերը ստիպուեցան փակելու իրենց դռները։ 1924-25 տարեշրջանին, 138 փոքրամասնական վարժարաններ կային, մինչդեռ այսօր Թուրքիոյ տարածքին, բոլորն ալ Իսթանպուլի մէջ ըլլալու պայմանաւ՝ կան 16 հայկական, 5 յունական եւ 1 հրէական վարժարաններ։ Այդ վարժարաններուն մէջ կ՛ուսանին 3070 հայ, 210 յոյն եւ 580 հրեայ աշակերտներ»։
Նուրճան Գայա ապա յիշեցուց, որ փոքրամասնական վարժարաններու մէջ կան թուրք փոխտնօրէններ, որոնց գոյութիւնը կը փաստէ, թէ իշխանութիւնները իրենց մէկ մասը չեն նկատեր փոքրամասնական վարժարանները, այլ զանոնք կը նկատեն օտար վարժարաններ։ Հակառակ անոր, որ փոքրամասնութիւններու վարժարաններու տնօրէններն ալ լրիւ գիտակից են օրէնքներուն, նմանօրինակ թուրք օգնականներու ներկայութիւնը կ՛անհանգստացնէ փոքրամասնութիւնները, որովհետեւ յայտնի է, որ այդ թուրք տնօրէնները հոն նշանակուած են, որպէսզի հսկեն վարժարանը ու պետութեան աչքը պահեն այս վարժարաններէն ներս։
Նուրճան Գայա անդրադարձաւ այնպիսի հարցերու, որոնք կը փաստեն, թէ ան շատ լաւ ուսումնասիրած էր այս նիւթը ու պատրաստած էր լիակատար տեղեկագիր մը։ Ան թուեց բոլոր տեսակի սահմանափակումները՝ մարդու իրաւունքներու, մանկանց իրաւունքներու, փոքրամասնական լեզուներու ու մշակոյթներու սահմանափակումներ։ Ան ըսաւ նաեւ, որ պետութիւնը պէտք է նկատի առնէ այս վարժարաններուն առաքելութիւնը ու պէտք է նպաստէ, որ այս վարժարանները աշակերտներուն սորվեցնեն իրենց մայրենի լեզուն՝ աւելցնելով, որ նոյնիսկ պետութիւնն է որ պէտք է հիմնէ ու ապրեցնէ նմանօրինակ վարժարանները։ Ասիկա մարդկային իրաւունք ու խղճմտանքի պատասխանատուութիւն է։
Նուրճան Գայայի յաջորդեց Կարօ Փայլանի նմանապէս յաջող ելոյթը։ Ան նշեց, թէ երկրի փոքրամասնութիւնները այս երկրին մէջ հինէն ի վեր ունին հարցեր, որոնք փտախտի վերածուած են այլեւս։ «Մենք չենք ուզեր այս երկրին մէջ ապրիլ որպէս պատանդ, չենք ուզեր մնալ այս բեռան տակ։ Աշակերտները պէտք չէ զգան, որ իրենք «միւսը» կը նկատուին ու խտրականութեան կ՛ենթարկուին», յայտնեց Կարօ Փայլան։
«Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ. «Փայլան հարցերը պարզեց հետեւեալ գլուխներուն մէջ.
1- Մենք մասնաւոր դպրոց չե՛նք, մենք շահ ապահովելու համար հիմնուած դպրոց չե՛նք։ Մեր աշակերտները կ՛ուսանին կա՛մ ձրիաբար, կա՛մ նուիրատուութեան փոխարէն։ Մեզի համար պէտք է որ գտնուի մասնաւոր կարգավիճակ մը ու մասնաւոր կանոնագրութիւն մը:
2- Փոքրամասնական վարժարաններու մէջ փոքրամասնական համայնքէն ընտրուած տնօրէններու կողքին, թուրք փոխտնօրէնները կը գործեն քննիչի պէս, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ տնօրէնի գործելակերպին նկատմամբ վստահութիւն չկայ։ Փոխտնօրէնները կը նկատուին անձեր, որոնք շարունակ վարժարաններու ներքին աշխատելակերպի մասին տեղեկագիրներ կը յղեն կրթական տնօրէնութեան։ Կրթական տնօրէնութեան հետ թղթակցութիւններու մէջ տնօրէնի ստորագրութիւնը առանձինն վաւերական չէ։ Պէտք է անպայմա՛ն փոխտնօրէնի ստորագրութիւնն ալ ըլլայ տնօրէնի ստորագրութեան կողքին։ Մինչդեռ տնօրէնի բացակայութեան, փոխտնօրէնի մէկ ստորագրութիւնն ալ բաւարար է։ Կարգ մը դասեր, ինչպէս՝ պատմութիւն, աշխարհագրութիւն եւ ընկերաբանութիւն, թուրք ուսուցիչներու կողմէ կը դասաւանդուին. երբեմն կը պատահի, որ այդ ուսուցիչները հայերը կամ փոքրամասնութիւնները նուաստացնող արտայայտութիւններ ալ ունենան։ Ուրիշ կարեւոր կէտ է, որ այս թրքերէնի ուսուցիչները հինգ տարին անգամ մը կը փոխուին, նոյնիսկ եթէ վարժարանի վարչութիւնը գոհ է անոնցմէ։ Անոնց պաշտօնը կը փոխուի յետին նպատակներով, որպէսզի անոնք շատ մտերմացած չըլլան վարժարանի վարչութեան հետ եւ կարգ մը կարծեցեալ գաղտնիքներ ծածուկ պահեն։
3- Հայաստանցի աշակերտներուն կացութիւնն ալ կարեւոր կէտ է։ Պատրիարքական փոխանորդը փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչի մօտ այս հարցը օրակարգի բերաւ, իսկ թուրք թերթերը գրեցին, որ հայաստանցի աշակերտները պիտի ընդունուին մեր վարժարաններէն ներս։ Բայց այս աշակերտները ո՛չ վկայական, ո՛չ ալ վիճակացոյց ստանալու իրաւունք պիտի ունենան. ասիկա ի՞նչ տեսակ ընդունուիլ է։ Մեր տղաքն ալ այսպիսով, հայաստանցի տղաքը պիտի ընդունին որպէս «ուրիշ»ներ, անոնց միջեւ անսիրելիութիւն պիտի ստեղծուի։ Այլ խօսքով՝ պէտք է որ այդ աշակերտներն ալ նոյն իրաւունքներէն օգտուին։ Հակառակ անոր, որ մեր պատրիարքի փոխանորդը չորս անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց որդեգրելի կրթական այս նոր ծրագիրին համար, դրական որեւէ քայլ տակաւին չէ ընդունուած»։
Փայլան առաջարկեց, որ համալսարաններու մէջ հայերէնի, յունարէնի, եբրայերէնի եւ այլ փոքրամասնութիւններու յատուկ լեզուներու ճիւղեր հաստատուին, որպէսզի փոքրամասնութիւնները շարունակեն ապրեցնել իրենց մայրենի լեզուները։ Ասիկա պահանջ մը եւ ստիպողութիւն մըն է։
«Փայլան գանգատեցաւ նաեւ դպրոցներուն բաշխուած մեծածախս «թապլե»չ համակարգիչներէն, որոնք որպէս փորձարկութեան վարժարան՝ կը գործածուին «Եսայեան»ի մէջ։ Այս «թապլե»չները թրքերէն են. պէտք է որ բազմալեզու ըլլան, պէտք է որ մայրենի լեզուով ալ աշխատին։ «Այս բոլորը դժուար հարցեր չեն։ Մենք այլեւս կ՛ուզենք ըլլալ հաւասար իրաւունքներ ունեցող համայնք մը», եզրակացուց Կարօ Փայլան։ Փայլանի խօսքերը խորունկ տպաւորութիւն գործեցին թէ՛ որպէս սահուն թրքերէն, թէ որպէս առողջ գաղափարներու պաշտպանութիւն», կը գրէ «Մարմարա»։
Վերջին խօսողը եղած է «Ափոյեւմաթինի» թերթի արտօնատէր Վասիլիատիս։ Ան ըսած է, որ բոլոր ըսուածներուն տակ ինք ալ պատրաստ է դնելու իր ստորագրութիւնը։ Ան իր դպրոցական կեանքի մասին մանրամասնութիւններ տալէ ետք ըսած է, որ իր աշակերտութեան շրջանին միշտ ունեցած է յոյն ընկերներ, որոնց հետ կը խօսէր իրենց մայրենի լեզուով՝ յունարէնով։
«Վասիլիատիս յիշեցուց, որ Պոզճաատայի կամ Կէօքճէատայի մէջ թուրք մը եթէ կալուած մը պիտի գնէ, անմիջապէս կը տեսնուի անոր գործը, բայց եթէ թուրքիացի «Եօրկօ» մը հոն կալուած մը գնել ուզէ, ան այդ կալուածը կրնայ գնել միայն Բարձրագոյն դատարանի որոշումով։ Այսինքն՝ թրքահպատակ յոյներն ալ օտարի վերաբերում կը գտնեն», կը յայտնէ «Մարմարա»՝ աւելցնելով.
«Կիւրել Թիւզիւն կրկին խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ փոքրամասնութիւնները պէտք չէ դիտուին որպէս կասկածելի ու վտանգաւոր տարրեր։ Այնուհետեւ ներկաներէն ոմանք սկսան հարցումներ ուղղելու։ Հետաքրքրական էր այն, ինչ «Հապեր Թիւրք»ի թղթակից Սուլթան Ուչար հարցուց Կարօ Փայլանին. «Եթէ այսքան շատ խնդիրներ ունիք, ինչո՞ւ ձեր պատրիարքական փոխանորդը կ՛ելլէ ու քանիցս շնորհակալութիւն կը յայտնէ իշխանութիւններուն»։ Այս հարցումին շատ յաջող պատասխան մը տուաւ Կարօ Փայլան, որ յիշեցուց, թէ 1961էն առաջ համայնքը ունէր Ազգային կեդրոնական վարչութիւն, Ուսումնական խորհուրդ, Տնտեսական խորհուրդ ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններ, որոնք բոլորն ալ լուծուեցան ու ամէն ինչ թողուեցաւ պատրիարքարանի ուսերուն վրայ՝ պատրիարքարանի տնօրինութեան։ Հիմա պետութիւնը միայն պատրիարքարանը կը ճանչնայ ամէն նիւթի մէջ։ Պատրիարքը հիւանդ է, բայց միւս պատասխանատուներն ալ, ի վերջոյ, հոգեւորական են ու ամէն հարցի տեղեակ կրնան չըլլալ։ Գալով շնորհակալութեան հարցին՝ Արամ սրբազանը ճնշումներու բերումով չէ՛ որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ… շնորհակալութիւնը քաղաքավարական արտայայտութիւն է եւ պէտք չէ՛ սխալ կերպով մեկնաբանուի»։
Ըստ «Մարմարա»ի՝ Փայլան այս կերպով յիշեցուց, որ համայնքը կրկին պէտք ունի Կեդրոնական վարչութեան մը, որ իր շրջագիծին մէջ ունէր Տնտեսական խորհուրդ, Ուսումնական խորհուրդ, եւայլն։ Քանի մը հարցեր եւս արծարծուելէ ետք մամլոյ հաւաքոյթը վերջ գտաւ։