ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի բանբերը Երեքշաբթի, Ապրիլ 3ին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ հաստատուելիք զինադուլը հսկելու նպատակով, Սուրիա մեկնելու պատրաստուող անզէն դէտերու առաջին խմբակը Դամասկոս պիտի հասնի «48 ժամէն»: Ըստ Անանի ծրագիրին՝ մօտաւորապէս 250 դէտեր պիտի հսկեն զինադուլի պայմաններու յարգումը:
Անան մէկ օր առաջ Ապահովութեան խորհուրդին զեկուցած էր, թէ բռնարարքներու կասեցման առումով ցարդ յառաջդիմութիւն չէ արձանագրուած, սակայն ըսած էր, թէ Դամասկոս համաձայն գտնուած է, որ Ապրիլ 10ին սկսի գործադրելու Անանի ծրագիրին պայմանները:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիա «ամբողջ սուրիացի ժողովուրդին բարեկամը պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ միայն անոր մէկ հատուածին, ինչպէս կ՛ընէ Արեւմուտքը»: Լաւրով նշեց նաեւ, որ Դամասկոս պէտք է իր ուժերը հեռացնէ քաղաքներէն, սակայն այդ քայլերուն պէտք է ընկերակցին նաեւ զինեալ ընդդիմութեան կողմէ քայլեր:
Իր կարգին, ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչ Պաշշար Ճաֆարի, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ Թուրքիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնը Սուրիոյ դէմ պատերազմ հռչակելու համազօր քայլ մը նկատեց՝ անգամ մը եւս քննադատելով «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խորհրդաժողովը հիւրընկալելու Անգարայի քայլը: