ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Ապրիլին հանդիպում ունեցած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի ներկայացուցչութեան կառավարման խորհուրդի նախագահ Աշոտ Ղազարեանի եւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահի առաջին տեղակալ Սմբատ Լպուտեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուած են Արցախ մէջ տարբեր ծրագիրներու գործադրութեան առնչուող հարցեր։
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է ՀԲԸՄ դերակատարութիւնը Արցախը շէնցնելու աշխատանքներուն մէջ՝ ընդգծելով հետագային համագործակցութեան աւելի ընդարձակման անհրաժեշտութիւնը։
Ան գոհունակութիւն յայտնած է նաեւ մարմնակրթութեան զարգացման բնագաւառին մէջ կազմակերպութեան աշխոյժ մասնակցութեան առնչութեամբ՝ նշելով, որ այս մէկը մեծապէս կը նպաստէ համայն հայութեան բոլոր հատուածներու համախմբուածութեան ամրապնդման: