ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 3 Ապրիլին կայացած կլոր սեղանի ընթացքին Պետական միգրացիոն ծառայութեան ղեկավար Գագիկ Եգանեան յայտնած է, որ 2001-2007 թուականներուն Հայաստանը լքած է 150 հազար մարդ, իսկ 2008 թուականի արտագաղթի հոսքի մասնագիտական եւ խորքային հետազօտութիւն չէ կատարուած:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ նման հետազօտութիւններ չեն կատարուած՝ Եգանեան ըսած է. «Ինչո՞ւ պետութիւնը չի ֆինանսաւորում: Նախկինում բոլոր հետազօտութիւններն իրականացուել են միջազգային կազմակերպութիւնների ֆինանսաւորմամբ: Սխալ է պնդել, թէ միգրացիայի տեմպերն ուժեղացել են»:
Ան նաեւ յայտարարած է, թէ արտագաղթողներուն թիւը մնացած է գրեթէ նոյնը, ինչ որ էր 2001-2007 թուականներուն, որոնց համաձայն, տարեկան դրութեամբ Հայաստանէն կը հեռանան 25 հազար անձեր։ «Ինձ ապշեցնում է հէնց դա, որ նոյն թիւն է: Արտագաղթի ծաւալների ի՞նչ աճի մասին կարող է խօսք լինել», նշած է Եգանեան:
Լրագրողները դիտել տուած են, որ 25 հազարը եւս շատ փոքր թիւ չէ. այս արտայայտութեան հակազդելով՝ Եգանեան ըսած է. «Ցաւալի է, ի հարկէ, լսել անգամ մէկ մարդու հեռանալու մասին»:
Իր կարգին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան խորհրդատուական խումբի ներկայացուցիչ Էլէօնորա Վերկերը՝ անդրադառնալով Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած «Ազատ տեղաշարժման հարցում համագործակցութեան մասին» հռչակագիրին՝ յայտարարած է. «Չեմ կարծեր, որ մինչեւ Հայաստանի մէջ բարենպաստ պայմաններու ստեղծումը այդ հռչակագիրի կիրառումը նպաստէ ԵՄէն Հայաստան ներգաղթողներու թիւի աճին»։