ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ապրիլ 20էն Մայիս 12ի միջեւ, ֆրանսական «Տըլէեաման» խումբը համերգներ պիտի տայ Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքին:
Առաջին համերգը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Santa Monica Play-house» սրահին մէջ:
Շաբաթ, Ապրիլ 21ի համերգը տեղի պիտի ունենայ Սթուտիօ Սիթիի «Two Roads» թատերասրահին մէջ, դարձեալ երեկոյեան ժամը 8ին:
Ապրիլ 27-29ին, յաջորդաբար՝ երեկոյեան ժամը 8:30ին, 8ին ու 7ին, խումբը ելոյթներ պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Լունա» սրահին մէջ, իսկ Մայիս 3ին՝ երեկոյեան ժամը 8ին, Լոս Անճելըսի «Atwater Crossing» սրահին մէջ:
Մայիս 11ին խումբը պիտի վերադառնայ «Santa Monica Playhouse», երեկոյեան ժամը 8:30ին, իսկ Մայիս 12ին կայանալիք վերջին համերգը տեղի պիտի ունենայ Օրենճ գաւառի արուեստի կեդրոնին մէջ, երեկոյեան ժամը 9ին:
Տոմսեր ապահովելու համար, այցելել http://www.itsmyseat.com/Deleyaman կայքէջը: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել http://deleyaman.com/ կայքը: