
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Արշակ Վարդանեանի նախագահութեամբ, 4 տարուան բանտարկութեան դատապարտեց ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան նախկին պետ, ընդհանուր հրամանատար Յովհաննէս Թամամեանը:
Դատաւոր Արշակ Վարդանեան դատավճիռի հրապարակման ատեն աւելցուցած է, որ Թամամեան նաեւ իրաւունք չունի երկու տարի տեղական եւ պետական մարմիններուն մէջ պաշտօն ստանձնելու։
Դատական գործի միւս անձերը՝ Արմէն Պօղոսեանն ու Վահան Խանզադեանը դատապարտուեցին 2.6 տարուան պայմանական բանտարկութեան։ Անոնք ազատ արձակուեցան դատարանի դահլիճէն։
Նշենք, որ 20 Մարտին կայացած նիստին ընթացքին մեղադրող Յարութիւն Յարութիւնեանը 4 տարուան ազատազրկում պահանջած էր Յովհաննէս Թամամեանի հաշուոյն: Իսկ Արմէն Պօղոսեանն ու Վահան Խանզադեանը առաջարկած էր դատապարտել 2.5 տարուան պայմանական ազատազրկման:
23 Մարտի նիստին ընթացքին Յովհաննէս Թամամեանի պաշտպան Վաղինակ Գէորգեան իր ճառին մէջ դատարանը յորդորեց ազատ արձակել իր պաշտպանեալին. «Պատժի խստութեամբ չէ, որ դատարանը կը հասնի արդարադատութեանը, իմ պաշտպանեալը արդէն իսկ կրել է իր պատիժը», յայտարարեց ան: