
ԵՐԵՒԱՆ.- Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ու տեղեկատուութեան բաժանմունքին կողմէ հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընդունելութիւն՝ Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրուան նուիրուած։ Հանդիսութեան ներկայ եղած են Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու դեսպաններ, Հայաստանի մէջ գործող ֆրանսական հաստատութիւններու ղեկավարներ, գիտակրթական ոլորտի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:
Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Նալբանդեան ըսած է. «Ինձ շատ հաճելի է հիւրընկալել ձեզ արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ աւանդական դարձած այս ընդունելութեան՝ Ֆրանկոֆոնիայի օրուան կապակցութեամբ:
«Տարիներ շարունակ Հայաստանը յստակ քայլերով գնում է դէպի Ֆրանկոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան լիիրաւ անդամակցութիւն, տարեց տարի առաւել ամրապնդելով իր դիրքերը Ֆրանկոֆոն աշխարհում, իր նուիրուածութիւնը ֆրանկոֆոնիայի արժէքներին:
«Ամենաթարմ օրինակներից է 2011թ. Հոկտեմբերին Երեւանում կայացած ֆրանսախօս քաղաքապետերի համաժողովը, երբ Երեւանի քաղաքապետի հրաւէրով ամբողջ աշխարհից աւելի քան 150 ֆրանսախօս քաղաքապետեր հաւաքուեցին Երեւանում: Այն ցոյց տուեց ֆրանսախօս ապակենտրոնացուած համագործակցութեան ուժը եւ հայկական քաղաքներին նոր հնարաւորութիւններ տուեց համագործակցելու իրենց ֆրանսախօս գործընկերների հետ:
Մարտի 15ից Ապրիլի 23ն ընկած ժամանակահատուածում Երեւանում եւ Հայաստանի մարզերում կը կազմակերպուեն Ֆրանկոֆոնիային նուիրուած միջոցառումներ՝ աւելի քան 250 մշակութային, գեղարուեստական, կրթական եւ բուհական միջոցառումներ», եզրափակած է նախարարը։