ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆՆԷՍ
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան հոգաբարձական եւ գործադիր մարմինի վարչութիւններուն, Հինգշաբթի, Մարտ 8ին, ընկերային զրոյցի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ, ուր հրաւիրուած էր վերանկախ Հայաստանի արտաքին գործոց առաջին նախարար Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, արծարծումներ կատարելու համար միութեան անդամներուն եւ համակիրներուն հետ, Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մասին:
Բացման խօսքը կատարեց Պոլսահայ միութեան հոգաբարձական վարչութեան ատենապետ եւ Հայ իրաւաբաններու կաճառի ատենապետ՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ առիթ ընծայելով, որ իւրաքանչիւրը մի առ մի ծանօթացնէ ինքզինք: Ապա խօսք առաւ հոգաբարձական վարչութեան խորհրդատու անդամ եւ ՀԲԸՄ «Ասպետական շարժում»ի նախկին ատենապետ Գուրգէն Պերքշանլար, որ իր ուրախութիւն յայտնեց ներկայութեանը համար Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարարին՝ Հայաստանի Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ, Հայ իրաւաբաններու կաճառի հիմնադիր ու փոխնախագահ, Երեւանի Ազգային եւ միջազգային ուսումնասիրութիւններու հայկական կեդրոնին նախաձեռնող Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի, որ նախընտրած է ապրիլ հայրենիքի մէջ՝ անոր բոլոր դժուարութիւններով, որպէսզի հոգատարութիւն ընէ երկրին, եւ երիտասարդ Հայաստանին մէջ իր խօսքը ըսէ:
Ռաֆֆի Յովհաննէսեան սկսաւ իր զեկոյցը՝ ըսելով, թէ իրեն ցոյց տրուած սիրոյ, հաւատարմութեան եւ գիտակցութեան վրայ աւելցնելիք ոչինչ ունի, ապա հարց տուաւ ներկաներու ակնկալութիւններուն մասին՝ Հայաստանէն, իրմէ եւ ներքին ու արտաքին քաղաքակրթութենէն: «Մենք իրաւունք չունինք սխալելու, կորսնցնելու այն երկիրը, զոր ունինք. այո՛, մենք ունեցած ենք ահաւոր անցեալ մը, հայրենազրկուած, իրաւազրկուած եւ հայրենիք կորսնցուցած ենք, եւ նոյն այդ իրաւունքները պէտք է ապահովենք՝ սեփական երկրի մը մէջ: Անկախ երկիր մը ունենալը պատասխանատուութիւն է եւ մենք բոլորս ալ Արեւմտահայաստանը կորսնցնելէ ետք, բաժան-բաժան ըլլալէ եւ մեր անցեալը ապրելէ ետք, կրցանք արեւելեան Հայաստանի մի փոքրիկ մասը՝ Արցախը պահել, գոնէ որպէս Հայկական պետութիւն: Մենք միայն զոհ նահատակ չենք կրնար ըլլալ, կրնանք պաշտպանել մերը, եթէ խելքը, գործը, բազուկը եւ դրամը ի մի բերենք: Կան շատ խնդիրներ, որոնք իրենց լուծումը չեն գտած: Մարտ 2ին Հայաստան դարձաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան անդամ եւ հայկական դրօշը բարձրացաւ բոլորին առջեւ», ըսաւ ան:
Յովհաննէսեան շեշտեց մեր բոլորին պատասխանատուութեան գիտակցութեան կարեւորութիւնը՝ մեր երկրին համար, որն է՝ դրօշակ ունենալու պատասխանատուութիւնը: «Հայաստան պէտք է հասկնայ, որ ինք պէտք է մրցակցի իր երեխաներուն համար: Մեր ճիգերը պէտք է միացնել՝ ստեղծելու համար իրաւունքի եւ ազգային շահի վրայ հիմնուած ուժեղ պետութիւն մը, որ ցայտուն յուշարձանը պէտք է ըլլայ մեր կորուստներուն», նշեց ան:
Յովհաննէսեան թուեց երեք առաջարկներ, որոնք հայ ժողովուրդի ընդհանուր օրակարգին վրայ երեք ուղղութիւններ են.
Ա. Իր երկրին մէջ ապրող մարդու իրաւունքը, այսինքն՝ պատկանելիութիւնը.
Բ. Պետական օրինաւոր իշխանութիւն.
Գ. Մեր արտաքին քաղաքակրթութեան բազմերանգ դարձելու ջանքը:
Յովհաննէսեան յոյս յայտնեց, որ վիպապաշտութենէ դէպի բանապաշտութիւն իր երթով՝ Հայաստան մեծ փոփոխութիւններու նախասեմին կը գտնուի, եւ լուծում մը պէտք է գտնուի այն բազմաթիւ հարցերուն համար, որոնք մեզի հասած են պատմութենէն: Ան փափաք յայտնեց, որ իշխանութեան կալուածը կը վերադարձուի հայ ժողովուրդին, եւ նշեց, թէ այդ ուղղութեամբ քայլեր կը կատարուին:
«Երկու տարի ետք փոփոխութիւնը ակնբախ է», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Այսպէս չենք ժառանգեր երկիրը մեր երեխաներուն: Նախ փոփոխումի սկիզբի մեկնակէտը տանք, յետոյ կը մտածենք Հայաստանի ապագային մասին», եւ շեշտեց, որ այդ առաքելութիւնը պէտք է կատարել միասնաբար:
Տեղի ունեցաւ նաեւ հարց-պատասխանի պահ: Երբ հարց տրուեցաւ արտասահմանի հայերուն եւ Հայաստան ծնած հայերուն միասնակութեան ճամբով առնուելիք քայլերուն մասին, Յովաննէսեան ըսաւ, թէ դժուար է ընդհանրացնել հայութիւնը. երբ կը համեմատուի դասական Սփիւռքի մեր երեխաներուն սերունդը եւ հայաստանցիներուն նոր սերունդը, շատ քիչ տարբերութիւն կը տեսնուի այնտեղ, ապա աւելցուց. «Հայաստանի հետ Սփիւռքի կապը վտանգի տակ է: Այդտեղ կայ շահագործման վտանգ: Սակայն վատ փորձառութիւնը պէտք չէ հայրենիքին վերագրել, այլ՝ այդ կառավարման համակարգին, զոր պէտք է բարեփոխել: Այն ատեն Սփիւռքը վստահութիւն պիտի ունենայ հայրենիքին նկատմամբ: Սփիւռքը ի՛նք պէտք է որոշէ, թէ ինչպէ՞ս պիտի կազմակերպուի՝ դառնալով ուժ, ունենալով իր ներքին ներկայացուցչական մարմինները»:
Այլ հարցումի մը, թէ՝ հայերը ի՞նչ կրնան ընել թուրքերու հետ եւ ի՞նչ ձեւով կրնան լեզու գտնել Հայոց Դատը առաջ տանելու համար, ան պատասխանեց. «Հայաստան պիտի ձգտի բարի դրացնութիւն հաստատելու իր բոլոր հարեւաններուն հետ: Տրուած ըլլալով, որ Թուրքիա բազմազգ պետութիւն է, ինչ ալ ըլլայ՝ պէտք է ըսել եւ ընել մեր շահին մեկնարկով. պէտք է զգոյշ ըլլալ թուրք-քիւրտ յարաբերութիւններէն, գործիք չդառնալ եւ քաջալերել, որ Թուրքիոյ պետութիւնը եւ քիւրտ ժողովուրդը խաղաղ բանակցութեանց եղանակով լուծում մը գտնեն իրենց հարցերուն»:
Հարց տրուեցաւ նաեւ, թէ Ռուսիոյ վերջին ընտրութիւններու լոյսին տակ Հայաստան Ռուսիոյ որքա՞ն պէտք ունի, եւ թէ Սփիւռքը որեւէ փոփոխութեան կրնա՞յ ենթարկուիլ կամ կրնա՞յ լրիւ չէզոքանալ, իսկ մենք միայն ականատեսի դերին մէջ կրնա՞նք մնալ: Յովհաննէսեան պատասխանեց ըսելով. «Հայ որոշ իշխանաւորներ անցեալի այդ մղիչ ուժով կը նային Ռուսիոյ: Անհրաժեշտ է Հայաստանի համար իր շահը հասկցող, իր սահմանները ճանչցող ժողովրդավարական Ռուսիան: Մենք պիտի աշխատինք Ռուսիոյ հետ»:
Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքին՝ ապա ան ըսաւ. «Չենք գնահատած Սփիւռքի ներդրումը եւ չենք արժեւորած զայն: Մենք մեր կարողութեան տասը առ հարիւրին չենք մօտեցած, առաւել եւս՝ քաղաքացիութեան հարցն ալ կայ, ի ցաւօք սրտի», նշելով, որ օրէնքը հաւասար ձեւով չի կիրարկուիր. «Պէտք չէ, որ դասակարգային քաղաքացիներ ըլլան. Հայաստան պէտք է ազատականացնէ իր քաղաքացիները», աւելցուց ան:
Հուսկ բանքով, Յովհաննէսեան այսպէս արտայայտուեցաւ. «Այն, ինչ մենք ապրեցանք, սովորական ցեղասպանութիւն չէր, այլ՝ ամբողջ մշակոյթի մը, կենսակերպի, հայրենիքի սպանութիւն: Մեր օրակարգը միայն Ապրիլ 24ը պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ ուժեղ Հայաստանը, որպէսզի անիկա առաջնորդ դառնայ»: Բանախօսը յորդորեց ըսելով. «Պէ՛տք է գնահատենք, բայց երբե՛ք չթոյլատրենք, որ ոեւէ մէկուն գործիք դառնանք»:
Տպաւորիչ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ փոխանցեց Ռաֆֆի Յովհաննէսեան. ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան այս շահեկան զեկոյցէն, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: