ՊՈԼԻՍ.- Հայ ուխտաւորներու խումբ մը Պոլիսէն անձնական հանրակառքերով Ալեքսանտրէթ գացած ու մասնակցած է տեղւոյն Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած արարողութեան։ Ուխտաւորներու կարաւանը կը նախագահէր Զաքէոս Ծ. վարդապետ, որ իր կողքին ունէր Գէորգ քհնյ. Չընարեանն ու Հաթայի շրջանի հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թապաշեանը։
«400 հոգիէ բաղկացած ուխտաւորներու խումբը, ըստ Զաքէոս հայր սուրբին կողմէ մամուլին տրուած տեղեկութեանց, աղօթեց երկրի անդորրութեան ու խաղաղութեան համար, աղօթեց չորրորդ դարուն ապրած նահատակներուն համար, աղօթեց նաեւ, որպէսզի Սուրիոյ մէջ ալ խաղաղութիւնը վերադառնայ ժամ առաջ», կը գրէ «Մարմարա»։
Ուխտաւորներու խումբը Ալեքսանտրէթի Գարաղաճի շրջանին մէջ գտնուող գերեզմանատունը այցելելէ ետք, անցած է Վագըֆլը գիւղ։