ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Արմէնփրէս».- Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սուրի քաղաքապետարանը յայտարարութիւն տարածած է հայերէնի եռամսեայ դասընթացքներ սկսելու մասին. յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ դասընթացքին մասնակցելու համար արդէն իսկ 41 հոգի արձանագրուած է:
Սուրի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշի անմիջական մասնակցութեամբ, անցեալին լոյս տեսած է նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի «Մի Կաթիլ Մեղր» հեքիաթը՝ թրքերէնով եւ հայերէնով, իսկ հայերէնով տպագրուած է Տիարպեքիրը զբօսաշրջիկներուն ներկայացնող ուղեցոյցը:
«Մեր պատմութեան մէջ այլ ազգերու նկատմամբ ցաւալի իրադարձութիւններ եղած են: Թուրքիա պէտք է առերեսուի իր պատմութեան հետ եւ ներողութիւն խնդրէ այդ ժողովուրդներէն», ըսած է Տեմիրպաշ: