ԹՈՐԸՆՍ.- Թորընսի քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ Ճեք Մսըրլեան վերջերս վարչութեան անդամ ընտրուած է Կամաւորներու կեդրոնի Հարաւային Ծովածոց-Հարպըր-Լոնկ Պիչ մասնաճիւղին՝ դառնալով անոր անդամարշաւի յանձնախումբի պատասխանատուն:
1963ին հիմնուած Կամաւորներու կեդրոնը կ՛օժանդակէ մօտաւորապէս 650 համայնքային կազմակերպութեանց, որպէսզի իրենց գործունէութիւնը կարելի դարձնելու համար կամաւորներ գտնեն:
Ճեք Մսըրլեան 1994ին ու 1998ի Թորընսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած է՝ ստանձնելով քաղաքապետութեան շարք մը յանձնախումբերու ատենապետութիւնը: Նախքան քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուիլը, ան եղած է քաղաքի հանրային պարտէզներու յանձնաժողովի ատենապետը, իսկ 8 տարիներով եղած է ծրագրումի յանձնաժողովի անդամ եւ ատենապետ: 1979ին նշանակուած է Քալիֆորնիոյ համայնքային համալսարաններու հոգաբարձութեան անդամ: Այդ մարմինին մէջ ան մնացած է 8 տարի՝ տարբեր առիթներով ստանձնելով անոր ատենապետի, փոխատենապետի, ինչպէս նաեւ անոր յանձնախումբերու ատենապետի պաշտօնները: Ան նաեւ անդամ է կամաւորական շարք մը կազմակերպութեանց ու եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետը: Մսըրլեան պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեան պսակաւոր արուեստի ու մագիստրոսի վկայականները ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն, իսկ դոկտորի կոչումը՝ նոյն համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն: