
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»Ի
Իւրայատուկ երկիր է Վրաստանը իր հարիւրաւոր տարբեր տեսակի ժողովուրդներով եւ ցեղախումբերով, այնքան մը, որ կարելի է լրջօրէն հարցադրել թէ մեծամասնութեամբ փոքրամասնութիւններով բնակուած հողաշերտ մը, ինչպէ՞ս կարելի է ղեկավարել: Տեղւոյն խորհրդարանի մէկ յատուկ նիստին կողմէ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան շրջանակային համաձայնագիրին վաւերացումը յուսադրիչ կը նկատուէր, այն առումով, որ շրջանի զանազան խնդիրները վերջապէս կրնային ստանալ արմատական լուծում: Այս իւրայատուկ կացութեան մէջ կը գտնուի Ջաւախքը, որուն հանդէպ ցայսօր կատարուած անարդարութիւնն ու անտարբերութիւնը կը շարունակեն մտահոգութիւն ստեղծել եւ լուրջ հարցադրումներու դուռ բանալ:
Բազմիցս հանդիպումներ եւ առաջադրանքներ յաչս արդարութեան մնացած են անպատասխան եւ ապարդիւն: Կեդրոնական իշխանութիւնները հետեւողական ձեւով ներկայութիւն են եւ այնպիսի կացութիւն մը կամ բուրգ մը հիմնած են, որ տեղական իւրաքանչիւր շարժում, որոնում եւ գործընթաց… կախեալ է կեդրոնական իշխանութիւններէն, եթէ նոյնիսկ քայլ առնողը նշանակովի կարգավիճակէն անդին՝ ընտրովի մարմին է: Արդարեւ, այսպիսի անհանդուրժելի եւ նուաստացուցիչ օրէնքներու կիրարկումով, փոքրամասնութիւնները ներկայացուած են ոչ թէ նուազագոյն թիւով, այլ՝ ընդհանրապէս բացակայ են, չըսելու համար՝ non grata՝ անհանդուրժելի:
Այո՛ եւ հաստատօրէն հայութեան կը պատկանի Ջաւախքը… Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն դուրս գտնուող ամէնէն միատարր հայաբնակ երկրամասը: Ասոր հետեւանք… այո՛, նաեւ հայերէն լեզուին կը պատկանի Ջաւախքը, իր իւրայատուկ բարբառներով:
Փաստօրէն, (Ջաւախքի) զանազան շրջաններու տեղական ինքնակառավարման մարմիններ, օրինականօրէն որոշած են դիմել իշխանութիւններուն՝ Վրաստանի նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին, պահանջելով, որ ձեռնարկեն անյետաձգելի եւ անհրաժեշտ միջոցներ՝ Վրաստանի սահմանադրութեան մէջ ամրագրելու յօդուած, որ վրացերէն լեզուի կողքին հայոց լեզուի համար կը սահմանէ տարածաշրջանային լեզուի կարգավիճակ:
Ցարդ հայերէն լեզուի հանդէպ վրացիներու կեցուածքը կը մնայ անտարբեր: Դժբախտաբար, ցայսօր հայկական գիրքերու, դասագիրքերու եւ Հայաստանի մէջ արտադրուած գրենական պիտոյքներու մուտքն ու օգտագործումը շրջանէն ներս նոյնքան մեծ յանցանք կը նկատուի (վրացական իշխանութեանց կողմէ) որքան թմրեցուցիչի կա՛մ խթանիչ դեղերու գործածութիւնը:
…եւ տեղին է վկայակոչել Ջաւախքի զաւակ, հանրածանօթ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մէկ երգը. «որովհետեւ սխալական է Հայաստանի զաւակ ըլլալ»ը (…Puisqu՛il est fautif d՛etre enfant dArmenie):