
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ռիչըրտ եւ Թինա Քարոլան Հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2012ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Հիմնադրամը կ՛ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասaիրական որեւէ, անտիպ, կամ գիրքի ձեւով ցարդ չհրատարակուած նոր գործեր՝ դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար:
Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական ու հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 31 Մայիս 2012:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան մեքենագրուած, երեք օրինակով ու խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին «A4» թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Ռիչըրտ եւ Թինա Քարոլան Հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է Արամ Ա. կաթողիկոս: Դատակազմի անդամներն են՝ Վարուժան արք. Հերկելեան, Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան (ատենադպիր), դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), Պարոյր Աղպաշեան եւ Սարգիս Կիրակոսեան:
Դիւան՝ Ռ. եւ Թ. Քարոլան
Հիմնադրամի Դատակազմի
Դատակազմին հասցէն.
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O.Box 70317
Antelias Lebanon
Ե-նամակ.-
chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Ծանօթ. Դատակազմին ուղարկուած գործերը հեղինակին չեն վերադարձուիր։ Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագիրի լեզուին եւ ուղղագրութեան: