
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հինգշաբթի, Մարտ 15ին, առաջնորդարանի «Անդրանիկ Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ (3325 Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504) տեղի պիտի ունենայ բանաստեղծ, թատերագիր եւ դաստիարակ Զարեհ Մելքոնեանի մեծարանքի հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին նաեւ պիտի ներկայացուի անոր նորագոյն հատորը՝ «Մորմոքը տարբաղադրուող երազներուն»: Ձեռնարկը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7:30ին:
Թէքէեան մշակութային միութեան լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպած սոյն ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Մելօ Էքիզեան, Ալեք Էքմեքճի, Երուանդ Գոչունեան, դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան ու դոկտ. Մինաս Գոճայեան, իսկ հանդիսավարն է Հրաչ Սեփեթճեան:
Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ Սալբի Քերքոնեանի (սրինգ) ու Սօսի Քերքոնեանի (տաւիղ):
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: