ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մինչ Պոլսոյ մէջ զանազան թուրք յառաջապահ մտաւորականներ պաշտպան կը կանգնին հայերու ու կը քննադատեն հայոց դէմ կատարուած անիրաւութիւնները, Անատոլուի զանազան քաղաքներու մէջ շարունակ թափ կը տրուի հակահայ ձեռնարկներու ու ելոյթներու։ Պէտք է ըսել, որ այդ երկրորդները աւելի մեծ թիւ կը կազմեն ու աւելի ծանրակշիռ կը դառնան։ Վերջին օրինակը կու գայ Գայսէրիէն, ուր արհեստից վարժարանի մը մէջ կազմակերպուած է «հայկական սուտեր»ու դէմ համագումար մը։ Համագումարի գլխաւոր բանախօսը եղած է համալսարանի գրականութեան դասախօս Ապտիւլքատիր Եուվալը, որ իր բանախօսութեան մէջ պնդած է, թէ հայերը աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ լոպիական աշխատանք կը տանին Թուրքիոյ դէմ, իսկ քրիստոնեաները, օսմանցիներու ճակատին մուր քսելու համար շարունակ կը բողոքեն, իսկ Հայաստանը կը բռնագրաւէ Ատրպէյճանի հողամասերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.