
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան տարեկան մեծագոյն ձեռնարկը՝ Կալա 2012ը, տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2012ի երեկոյեան, Կլենտէյլ Հիլթըն պանդոկի սրահը: Այս առիթով, Շրջանային վարչութիւնը Երեքշաբթի, 6 Մարտ 2012ի երեկոյեան կազմակերպած էր մեկնարկ-հիւրասիրութեան երեկոյ մը, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ նոյն պանդոկի սրահէն ներս: Երեկոյին մասնակից դարձան շրջանի պատկան մարմիններու, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄի բարերարներ, նուիրատուներ, համակիրներ, մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներ, պարգեւատրեալ ՀՕՄուհիներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Բծախնդրութեամբ կազմակերպուած երեկոն նպատակ ունէր նախապատրաստուիլ Կալա-2012ին՝ սպառելով անոր տոմսերը՝ ապահովելով սեղաններու հովանաւորներ, նուիրատուներ եւ մոմավառներ:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց Շրջանային վարչութեան գրասենեակի պատասխանատու Ժասիկ Ջառահեանը, որ պատասխանատուն է Կալա 2012ի ձեռնարկին եւ կը գլխաւորէ շրջանի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներէ կազմուած կազմակերպիչ յանձնախումբը: Ընկերուհի Ջառահեան բարի գալուստի խօսքերէն ետք երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջելով ՀՕՄի հրաւէրին, իրենց ներկայութեամբ կը զօրակցին ձեռնարկին: Ապա, հրաւիրեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Արտակ քհնյ. Տեմիրճեանը՝ փոխանցելու թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի պատգամը: Սրբազանը քաղաքէն դուրս գտնուելով անձամբ չէր կարողացած ներկայ գտնուիլ ՀՕՄի այս ձեռնարկին:
«ՀՕՄը, առաջնորդ սրբազան հօր սրտին ամենամօտիկ միութիւններէն մէկն է, որովհետեւ անոր շարքերուն մէջ գտնուող մեր քոյրերը, մայրերը եւ մեծ մայրերը կը ներկայացնեն մեր ընտանիքը, իրենց հաւաքական ծառայական գործունէութեամբ, նուիրեալ իրենց ոգիով: Անոնք սրտով կը գործեն յանուն ազգին, մեր ժողովուրդին, ըլլա՛յ հայրենիքէն ներս, ըլլա՛յ հայրենիքէն դուրս՝ Սփիւռքի մէջ», ըսաւ հոգեւոր հովիւը, շնորհաւորելով ՀՕՄի 28րդ տարեդարձը եւ պարգեւատրուող ՀՕՄուհիները, մաղթելով, որ իրենց ժառանգած ոգիով անոնք շարունակեն ազգանուէր եւ հայրենանուէր իրենց առաքելութիւնը: Ապա ան օրհնեց սեղանները:
Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետուհի դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան: Ան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ինչպէս անցնող քսանութ տարիներուն, անգամ մը եւս կը զօրակցին ՀՕՄին: Ան կրկնակի տօն նկատեց երեկոն, որ կը զուգադիպէր Միջազգային Կանանց օրուան նախօրէին եւ այդ առիթով շնորհաւորեց հայ կանանց եւ յատկապէս ՀՕՄուհիներու տօնը, ոյժ եւ կորով մաղթելով անոնց:
Այս զոյգ պատգամներէն ետք, օրուան հանդիսավար Ժասիկ Ջառահեանը եւս սրտի իր խօսքը փոխանցելով՝ գնահատեց ներկաները եւ ընդգծեց միասնական աշխատանքի կարեւորութիւնը, որ յաջողութեան բանալին է: Ան իր ուրախութիւնն ու հպարտանքը յայտնեց, որ գաղութը կը զօրակցի ՀՕՄին, որուն փաստը ՀՕՄուհիներու կողքին, ներկայութիւնն էր քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ապա, ներկայացնելով օրուան հիւրերը, իր քաղցրահամ խօսքերով բացատրեց ձեռնարկին նպատակը եւ քաջալերեց բոլորին ապահովելու իրենց սեղանները, մասնակցելու ՀՕՄի 28 տարիներու բեղուն գործունէութիւնը խորհրդանշող մոմավառութեան եւ միասնաբար տօնախմբելու բարեսիրական այս մեծ կազմակերպութեան տարեդարձը:
Ստեղծուած ուրախ մթնոլորտէն քաջալերուած, տեղւոյն վրայ կարելի եղաւ ապահովել 45 սեղաններ, 40 մոմավառներ եւ բազմաթիւ հովանաւորներ, որոնց շնորհիւ ամբողջութեամբ սպառեցան ձեռնարկի տոմսերը: Ձեռնարկը ծանուցող յայտարարութիւններու վրայ վստահօրէն պիտի գրուի «Տոմսերը սպառած» (sold out):
Երեկոն խանդավառեց ծանօթ ջութակահար Ալէնը, որ իր հրամցուցած հայկական մեղեդիներով, ճոխացուց մթնոլորտը: ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղի 92ամեայ անդամուհի Հայկուհի Եղիազարեանը արտասանելով Եղիշէ Չարենցի «Հայրենիքիս» բանաստեղծութիւնը առաւել շիկացուց արդէն իսկ ուրախ մթնոլորտը:
ՀՕՄի 28ամեակին նուիրուած 27 Ապրիլի ձեռնարկէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի հայրենի եւ տեղական կենսական եւ մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման:
Յայտնենք, թէ ՀՕՄի Կալա-2012ը գեղեցիկ առիթ մը պիտի հանդիսանայ շրջանի մասնաճիւղերուն՝ պարգեւատրելու վաստակաշատ անդամուհիներ, որոնք իրենց անսակարկ գործունէութեամբ օգտակար եղած են իրենց մասնաճիւղերու վերելքին:
Իր նպատակին ամբողջականօրէն ծառայած Մեկնարկի ձեռնարկը վերջ գտաւ ուշ երեկոյեան՝ Ժասիկ Ջառահեանի գնահատական խօսքերով՝ ուղղուած ներկաներուն, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի տնօրէնութեան եւ «Ռէմըտի Լիգըր» հաստատութեան: Հրաւիրեալները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, 27 Ապրիլ 2012ին շրջանի ՀՕՄի առանձին միաւոր դառնալու 28րդ տարեդարձին ներկայ գտնուելու պատրաստակամութեամբ:
Յիշեցնենք, թէ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին, իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Ան 27 մասնաճիւղերով բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է, հինգ նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1500 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային Ծառայութեան իր բաժանմունքը, հոգեբանական կեդրոնը եւ կը հովանաւորէ զանազան երիտասարդական ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ օգնութիւններ: Մանրամասնութիւններու համար հաճեցէք այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքէջը: