ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վալերի Բրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանին մէջ, Եւրասիա համագործակցութեան հիմնադրամի կողմէն 13 Մարտին բացումը պիտի կատարուի թարգմանչական կեդրոնի։ Այս կեդրոնին հիմնական նպատակն է ուսանողներուն համար թարգմանչական գործունէութեան տեսական գիտելիքներ եւ գործնական փորձառութիւն ձեռք ձգելու անհրաժեշտ միջավայր եւ պայմաններ ստեղծել։ Անիկա յագեցուած է արդիական բոլոր տուեալներով եւ յատուկ համակարգչային ծրագիրներով: Նաեւ որակաւոր մասնագիտական գրականութեան առկայութիւնը կարելիութիւն կու տայ ուսանողներուն՝ հմտանալու թարգմանութեան մէջ եւ ուսումնական տարիներուն իսկ ձեռք բերել աշխատանքային փորձառութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.