
Ատենապետութեամբ Սինտի Տիգրանեան-Նորեանի, առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ կազմակերպուած տարեկան 41րդ պարման-պարմանուհիներու պարահանդէսը՝ նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, տեղի ունեցաւ Կիրակի, Փետրուար 19ի երեկոյեան, «Պեվըրլի Հիլզ Հիլթըն» պանդոկին մէջ: Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց սրբազան հայրը: Այս տարուան ձեռնարկին խօսնակներն էին Լորընս Զարեան եւ եղբայրը՝ Կրեկըրի, ի յիշատակ եւ ի յարագանս իրենց սիրեցեալ հօր՝ ազգային-եկեղեցական երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած, Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետներէն Լերի Զարեանի: