
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ ձիւնհալի պատճառով գոյացած են լճակներ, իսկ գիրքերը անդառնալի կորուստէ փրկելու աշխատանքին կ՛օժանդակեն յատկապէս գրադարանի այցելուները, որոնց Փետրուար 29ին միացած են նաեւ Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակիցները:
Գրադարանի պատասխանատուներ կը վստահեցնեն, որ պատկան մարմիններուն եղած դիմումները մնացած են անպատասխան:
Վնասուած է մեծ թիւով գրականութիւն՝ արժէքաւոր գիրքեր, քարտէզներ, երաժշտական գրականութիւն: «10 թղթապանակ շատ մեծ չափերի հասնող թղթապանակներ են, խիստ արժէքաւոր, ես եմ ջրերի տակից քաշել, ընդ որում՝ 2 թղթապանակներն էլ պոկուեցին, որովհետեւ լրիւ ջրից վնասուել էին», ըսաւ պատմաբան Ռաֆայէլ Թադեւոսեան:
Ազգային գրադարանի Արուեստի գիրքերու ենթաբաժինի վարիչ Գոհար Յարութիւնեանի համաձայն, նախորդ տարիներուն եւս եղած են նման դէպքեր, սակայն ձիւնհալը քիչ եղած է, եւ իրենք կրցած են փրկել գիրքերը։
Իրավիճակէն տեղեակ է նաեւ մշակոյթի նախարարութիւնը, սակայն՝ «Ձայն բարբառոյ յանապատի»:
Փետրուար 29ին աշխատակիցներու ահազանգին արձագանգած է միայն Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը, բայց բաւական ուշացումով: Նախարարութեան աշխատակիցները ձիւնը տանիքէն հեռացնելով՝ փորձած են որոշ չափով դարմանել վիճակը, սակայն գիրքերու պահպանման բաժիններուն մէջ կաթոցը չէ դադրած: