ՀՅԴ Պատանեկան Սեմինարը Նուիրուած Էր Արցախին
Արեւմտեան Ամերիկայի Պատանեկան վարիչ մարմինի կազմակերպած տարեկան սեմինարը սկսաւ Փետրուար 17ին. անոր գլխաւորագոյն թեման էր՝ Արցախը: Պատանիներուն թիւը արդէն իսկ հասած էր 120ի, որոնք բոլորը խանդավառութեամբ ցտեսութիւն ըսին իրենց ծնողներուն ու փոքր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնց աչքերուն մէջէն կը թափանցէր բարի նախանձը, որովհետեւ իրենք ալ կ՛ուզէին մեկնիլ եւ մասնակցիլ բանակումին:
Տեղաւորելով բոլորին պայուսակները՝ մեկնեցանք դէպի ՀԵԴի բանակավայրը, Փետրուար 17ին: Հանրակառքերը երբ հասան, պատանիները դիմաւորուեցաւ շաբթուան երեք ղեկավարներուն կողմէ՝ Սիլվա Խայալեան, Վաչէ Թոմասեան եւ Պերճ Բարսեղեան: Պատանիները տարիքի համաձայն բաժնուեցան ու իրենց երիտասարդ խմբապետներուն հետ գացին իրենց խուցերը, զորս անուանեցին իրենց խումբերու անուններով ու կանչերով: Լոյսերը փակուեցան, բայց շատ պատանիներ արթուն մնացին՝ ծանօթանալու համար իրենց նոր ընկերներուն:
Շաբաթ օրը, նախքան արեւածագը, պատանիները արդէն պատրաստ կը սպասէին օրուան ծրագիրներուն: Պատանիները առտու կանուխ սորվեցան Քարաթէի քանի մը շարժումներ, յայտնեցին իրենց խուցերու անուններն ու կանչերը եւ մեկնեցան նախաճաշի: Կրտսեր խումբը գնդակներ արձակեց (Pellet Gun Shooting): Երէցները սորվեցան, թէ ինչպէ՛ս Արցախի հարցը նման է ներկայի Արաբական աշխարհի հարցերուն:
Դաստիարակչականը ներկայացուց Պերճ Բարսեղեան, որ ընկերներուն ցոյց տուաւ նմանութիւնները այս երկու շարժումներուն միջեւ: Ապա, կրտսերները մտիկ ըրին Փաթիլ Ասլանեանին, որ փոքրերուն պատմեց Արցախի մասին՝ ցոյց տալով լուսանկարներ, զորս ան նկարած էր անցեալ ամառ, երբ մասնակցեցաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ճամբարին:
Օրուան նշանաւոր ու տպաւորիչ ծրագիրը իրագործուեցաւ, երբ երկու ազատամարտիկ ընկերներ՝ իրենց զինուորական զգեստով, պատանիներուն պատմեցին իրենց յուշերը՝ Արցախի պայքարի շարժումէն: Այս երկու ընկերներուն զոհողութիւնը եւ հայրենիքի համար սէրը դրոշմուեցաւ պատանիներու միտքերուն մէջ եւ անոնք հպարտ զգացին գտնուելով այս նուիրեալ հայերուն հետ, որոնք ներդրում բերած են մեր հողերու ազատագրութեան գործին մէջ:
Օրուան ընթացքին պատանիները բաժնուեցան տարբեր խումբերու եւ մասնակցեցան հետախոյզ խաղին (Paper Trail/Scavenger Hunt), որուն նպատակն է գտնել բանալին, որ քեզի ցոյց կու տայ յաջորդ բանալիին տեղը: Այս տարի խաղը քիչ մը աւելի դժուար էր, որովհետեւ ամէն անգամ, երբ խումբը բանալի մը գտնէր, պէտք է ներկայացնէր երգ մը, արտասանութիւն, 5 անգլերէն բառերու հայերէն բառերը, հանելուկ կամ կատակ, եւ բուրգ ու բերդ շինէր կամ շուրջպար պարէր:
Ընթրիքէն ետք ամէն խուց ներկայացուց իր պատրաստած թատրոնը: Թատրոնի դատաւորները միաձայնութեամբ յաղթական որոշեցին տղոց խումբը, որ շատ յուզիչ թատրոն մը ներկայացուց Արցախի մասին: Թատրոնը բացուեցաւ, երբ պատանիներ նստած էին ժողովի: Ժողովի ընթացքին բոլորը կը համաձայնին երթալ եւ յանուն Հայ ազգին եւ Արցախի պայքարին՝ զոհուիլ, բացի մէկ անձէ, որ միակ զաւակն է իր ընտանիքին եւ չ՛ուզեր ձգել իր մայրը: Համոզուելէ ետք, այդ անձն ալ կ՛որոշէ երթալ, որովհետեւ ան նաեւ «Հայրենիքին զաւակն է»: Թատրոնը աւարտեցաւ փոքր պատերազմի պատկերով, ուր ընկերները յուզիչ կերպով կ՛ողբային իրենց ընկերը՝ երգելով «Աղբերս ու Ես» երգը:
Թատրոններէն ետք Աւօ Աշճեան երեկոն խանդավառեց ազգային ու յեղափոխական երգերով: Պատանիներն ալ հետեւելով բառերուն՝ մասնակցեցան երգերուն:
Կիրակի առաւօտեան, ծրագիրները սկսան դարձեալ մարզանքով, կանչերու ներկայացումով եւ նախաճաշով: Ընկերները դիտեցին «Black Forest in the Mountains» շարժապատկերը, որ կը պատմէ Արցախի ազատամարտիկներուն կեանքին մասին: Նոյն օրը կրտսեր ընկերները զբաղեցան գծելով Արցախի դրօշակը եւ Արցախի հանրածանօթ Մամիկի ու Պապիկի՝ «Մենք ենք մեր Սարերը» արձանը: Պատանիները սորվեցան նկարչութեան մասին եւ հպարտօրէն գծեցին Արցախի խորհրդանիշները, ապա այն երեք պատանիները, որոնք ամէնէն գեղեցիկը նկարած էին, նուէրներ շահեցան: Խումբերը քով-քովի գալով՝ սորվեցան «Ղարաբաղցի» երգը, որուն իմաստալից բառերով պատանին սորվեցաւ ղարաբաղցիի մը նկարագիրի կարեւոր ու յատկանշական գիծերը:
Վաչէ Թոմասեան ներկայացուց յաջորդ դաստիարակչականը, որուն գլխաւոր նիւթն էր Արեւմտեան Հայաստանի այդ քաղաքը, որուն մէջ մինչեւ այսօր հայերը կառչած կը մնան իրենց հողին՝ Ջաւախքին, որ ներկայիս կը գտնուի Վրաստանի կազմէն ներս:
Դաստիարակչականէն ետք իւրաքանչիւր խումբ ստացաւ կենսագրութիւններ Արցախի ազատամարտիկներու, ինչպէս՝ Բեկորի, Վիգէն Զագարեանի, Տուշմանի, Մհեր æուլհաճեանի, Շահէն Մեղրեանի, Թաթուլ Կրպէյեանի, եւ նման նուիրուած հայերու, որոնք մահն անտեսելով՝ գացին հայրենի աշխարհ կռուելու ու զոհուելու: Ընթրիքէն ետք խումբերը մասնակցեցան զարգացման մրցումի, ապա՝ գիշերը, մասնակցեցան խրախճանքի, ուր ճոխ եւ հաճելի ժամանակ անցուցին:
Երկուշաբթի յուզիչ առաւօտ մըն էր բոլոր պատանիներուն համար, որովհետեւ անոնք գիտէին, թէ շաբաթավերջը կը մօտենար իր աւարտին: Բոլորը մեկնեցան բանակավայրէն՝ իրենց հոգեմտաւոր գանձարանը հարստացուցած, անմոռանալի յիշատակներով ու նոր ընկերներով: Պատանիներէն քանի մը հատը շատ ուրախ էին, որովհետեւ իրենց վերջին Սեմինարը ամէնէն հաճելին ու անմոռանալին էր: Ուրիշներ ուրախ էին, որովհետեւ տակաւին ունին առիթ մասնակցելու ուրիշ սեմինարներու:
Պատանիները վերադարձան տուն թաց աչքերով, բայց անոնց շաբթուան վարուելակերպէն կրցանք հասկնալ, թէ անոնք գիտեն, որ իրենք են հայ ազգի ապագան ու ջահակիրները մեր Հայ Դատին: Անոնք նաեւ գիտեն, թէ իրենք են մեր սարերը, ու կը վստահեցնեն մեր բոլորին, թէ պատրաստ են ըլլալու այդ սերունդը, որ կրնայ հասնիլ իր Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի նպատակին:
Արեւմտեան Ամերիկայի վարիչ մարմինը շնորհակալութիւն կ՛ուզէ յայտնել Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան այդ բոլոր ընկերներուն, որոնք տրամադրեցին իրենց ժամանակը՝ պատանիներուն հետ անցընելու: Նաեւ շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել ղեկավարներուն, որոնք բացառիկ ձեւով կառավարեցին սեմինարը:
Վերջապէս, շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել բոլոր ծնողներուն, որոնք վստահած են իրենց զաւակները մեր կազմակերպութեան մէջ հասակ առնելու եւ ազգին ծառայելու: Կ՛ուզենք նաեւ յաջողութիւն յայտնել այն երէց ընկերներուն, որոնք մեզ վստահեցուցած են, թէ իրենք պիտի ըլլան սաւառնաթեւ արծիւներ եւ պիտի շարունակեն ծառայել Եռագոյնին:
ՀՅԴ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ