ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հալէպահայ կեանքը կը յատկանշուի իր համատեղ Աստուածապաշտութեան աղօթքներով ու համայնքապետներու գլխաւորութեամբ մատուցուած հոգեշունչ պատգամներով ու յորդորներով:
Կիրակի, 19 Փետրուար 2012ին Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ հայ երեք համայնքապետներու հովանաւորութեամբ, եկեղեցական դասուն եւ բարեպաշտ հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու միութեան աղօթք: Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին ընթերցուեցան մաղթանքներ, ապա իւրաքանչիւր համայնքապետ փոխանցեց իր պատգամը: