ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 16ին, առաւօտեան ժամը 8ին, Չարլի Քէյեան համագաղութային վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց հերոսներու յիշատակի տօնակատարութիւն՝ ներկայութեամբ դպրոցի ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան եւ մեծ թիւով ծնողներու, որոնք եկած էին իրենց զաւակներու շրթներէն լսելու հայկական երգերն ու Վարդանանցի նուիրուած քերթուածները:
Դպրոցի տնօրէնուհի Զարուհի Տէր Մկրտիչեան հանդէսին բացումը յայտարարելէ ետք, ըսաւ. «Այսօր մեր դպրոցին համար սովորական օր մը չէ, այլ՝ Վարդանանց հերոսներուն նուիրուած պատմական օր, եւ մենք հաւաքուած ենք հոս՝ խոնարհելու անոնց յիշատակին առջեւ ու մեր ուխտը նորոգելու, շարունակելու եւ գործելու անոնց ուղիով եւ ոգիով»: Ապա ան բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր՝ փրոֆ. Սերճիօ Լա Փորթան, որ իր խօսքը փոխանցէ աշակերտութեան եւ ներկաներուն:
Յարգելի հիւրը, հայերէնով եւ անգլերէնով իր գաղափարները ներկայացնելէ ետք՝ շարունակեց ըսելով. «Սիրելի աշակերտներ եւ ներկաներ, այսօր հարիւրաւոր տարիներ ետք, մենք դարձեալ կը յիշենք Վարդանանց հերոսներուն յիշատակը եւ կը քաջալերուինք, որովհետեւ Վարդանն ու իր ընկերները կռուեցան հաւատքի համար, գիտնալով, որ պիտի կռուին մեծ թիւով պարսիկ բանակներուն դէմ: Անոնք կռուեցան հաւատքով եւ քաջաբար նահատակուեցան Տղմուտ գետի ափին, Աւարայրի դաշտին վրայ՝ գեղեցիկ անուն ու քաջութեան օրինակելի դրուագ մը ձգելով մեզի»:
Այս առիթով, գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր. հերթաբար բեմ բարձրացան բոլոր դասարաններու աշակերտները, եւ Վարդանանց հերոսներուն նուիրուած քերթուածներով ու երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերին:
Ներկաներն ու աշակերտութիւնը ուրախ տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն, Վարդանանց հերոսներուն յիշատակներով: