
ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան Փետրուար 23ին փոխանցեց, թէ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան բնակարանին առեւտուրը արդէն կատարուած է, եւ բնակարանի սեփականատէր Արչիլ Լեժաւայի ու Գրողներու համահայկական հիմնադրամի միջեւ կնքուած է պատմական պայմանագիր, որուն լոյսին տակ բնակարանին բանալիները յանձնուած են իրեն։
Անանեան նշեց, որ բնակարանը բաւական լաւ վիճակի մէջ է, գործարքը իրականացած է, բայց որոշ ժամանակ ետք պարզ պիտի դառնայ, թէ տարածքը ինչ ճակատագիր պիտի ունենայ: «Հէնց այդ ժամանակ էլ ես բանալիները կը յանձնեմ կազմակերպութեան ղեկավարին», նշեց Լեւոն Անանեան: