
Օգտուելով բացառիկ առիթէ մը եւ նկատի ունենալով ՄԱԿի Կանանց Իրավիճակի 56րդ խորհրդաժողովի գումարումը, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը Նիւ Եորքի Թայմզ հրապարակի պաստառներէն մէկուն վրայ ՀՕՄի ծանուցում մը տեղադրած է։
30 երկվայրկեան տեւողութեամբ ծանուցումը Փետրուար 18էն մինչեւ Ապրիլ 18 ժամական մէկ անգամ պիտի ցուցադրուի Մանհաթընի 42րդ փողոցի վրայ, 7րդ եւ 8րդ պողոտաներուն միջեւ գտնուող CBS ընկերութեան հսկայ պաստառին վրայ։
Ծանուցումի ամբողջութիւնը կարելի է տեսնել այցելելով ՀՕՄի կայքէջը (www.ars1910.org)?