ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Հայաստանի կառավարութիւնը Փետրուար 16ի նիստին հաստատեց Երեւանի դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն եւ բժշկական այլ հիմնարկներու, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ ուժեղ երկրաշարժի ատեն համապատասխան քայլերու եւ կանոններու ուսուցման ծրագիրը: Մասնագէտներուն կանխատեսումով, Կովկասի եւ Հայկական լեռնաշխարհի մէջ որեւէ ատեն կրնայ ուժեղ երկրաշարժ տեղի ունենալ: Երկրաշարժի հետեւանքով արձանագրուելիք վնասներու նուազեցման կարեւորագոյն տուեալներէն են բնակչութեան իրազեկութեան բարձրացումը եւ երկրաշարժի պաշտպանութեան վարքականոնի ուսուցումը: Այս մասին խօսեցան Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարն ու քաղաքաշինութեան նախարարը:
Վարչապետ Տիգրան Սար-գսեան նկատել տուաւ, որ աշխուժացած են ե՛ւ երկրաշարժները, ե՛ւ մամուլի հրապարակումները։ Ան Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարէն խնդրեց ներկայացնել այն քայլերը, որոնց կը դիմուի այս գծով։
Արմէն Երիցեան յայտնեց, որ երկրաշարժները աշխուժացած են ամբողջ աշխարհի մէջ, այնուհետեւ կառավարութեան ուշադրութեան ներկայացուց այն փաստը, որ Հայաստանը ունի մէկ «դեֆորմոգրաֆ» (երկրի շարժումը արձանագրող գործիք)՝ տեղադրուած Գառնիի մէջ, որ սակայն չ՛աշխատիր: «Ուզում եմ տեղեկացնել՝ ինչ է դեֆորմոգրաֆը. այն 88ի երկրաշարժից առաջ գրանցել էր երկրակեղեւի տատանումները», ըսաւ նախարարը:
Հարցի քննարկման աւարտին վարչապետը յանձնարարեց աշխատանք տանիլ դեֆորմոգրաֆը կրկին օգտագործելու գծով:
Քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեան, իր հերթին նշեց, որ ընդունուած են բազմաթիւ կանոնակարգեր, որոնք կը վերաբերին նոր կառուցուող շէնքերը երկրաշարժին դիմադրելու կարողութեամբ օժտելուն։
Նոյն օրը լրագրողներու հետ կայացած զրոյցին ընթացքին Արմէն Երիցեան ըսաւ, որ Երեւանի մէջ 4500 շէնքի երկրաշարժին դիմանալու կարողութիւնը 7 բալէն բարձր չէ:
Ըստ նախարարին, ամբողջ աշխարհի մէջ 1980-1990ին արձանագրուած է 8 աստիճան ուժգնութենէն բարձր 4 երկրաշարժ, 1990-2000ին՝ 12, 2000-2012ին՝ արդէն 18:
Արմէն Երիցեան նկատել տուաւ, որ նախապէս Հայաստանի մէջ տարեկան կ՛արձանագրուէին 3-4 բալ ուժգնութեամբ 3-5 երկրաշարժներ, սակայն 2011ին անոնց թիւը եղած է 15, իսկ 2012ին՝ արդէն 3 բալէն աւելի ուժգնութեամբ 3 երկրաշարժ արձանագրուած է:
Երկրաշարժներու կանխարգելման գծով Երիցեան յատկապէս կարեւոր նկատեց Գառնիի մօտակայքը գտնուող աստղադիտարանի վերագործարկումը, ուր կը գտնուի դեֆորմոգրաֆ սարքը, որ արդէն 20 տարիէ չ՛աշխատիր:
Նշենք, որ կառավարութեան հաստատած ծրագիրը պիտի արժէ գրեթէ 40 միլիոն դրամ եւ պիտի ծաւալի երեք տարուան վրայ՝ 2013-2015: