ՊԱՔՈՒ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ատրպեճանական «Էյ.Էն.Էս.» կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ բացայայտ կերպով հայերուն կ՛աջակցի։
«Քանի մը ամիս առաջ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Հայաստան այցելեց, եւ եթէ լսած էք այնտեղ կատարած անոր յայտարարութիւնը, ապա կասկած պէտք չէ ունենաք, որ ան բացայայտ կերպով պաշտպանեց հայերը, եւ այդպիսով՝ իր աջակցութիւնը յայտնեց հակամարտութեան կողմերէն մէկուն», յայտարարած է Էրտողան եւ աւելցուցած, որ «ի հարկէ, այդ բոլորէն ետք, Ֆրանսա պէտք է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի կազմէն դուրս գայ»։
Էրտողան յայտնած է, որ այժմ բոլորը կը սպասեն հակամարտութեան կարգաւորման. «Յոյսով ենք, որ որոշում պիտի որդեգրուի եւ բոլոր անյաջողութիւնները անցեալին մէջ պիտի մնան»։
Թուրքիոյ վարչապետը ընդգծած է, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան ամէն հարցի մէջ մշտապէս պէտք է կողք կողքի ըլլան։ «Ինչպէս մեծ ղեկավար Հայտար Ալիեւ կ՛ըսէր՝ մենք մէկ ժողովուրդ ենք երկու պետութիւններու մէջ եւ միասին դէպի պայծառ ապագայ պիտի երթանք», նշած է Էրտողան։