
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանը Երկուշաբթի, Փետրուար 13ին անպարտ արձակած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով 19 մեղադրեալներէն մէկը հանդիսացող կասկածելին, որուն պարագան «մոռցուած էր» Յունուար 17ի դատավճիռի ընթացքին:
Յունուար 17ին ատեանը Եասին Հայալին մեղաւոր նկատեց՝ սպանութիւնը ծրագրելու եւ կազմակերպելու յանցանքով, եւ զայն դատապարտեց ցմահ բանտարկութեան: Սակայն կազմակերպիչներէն մէկը նկատուող Էրհան Թունտել, Տինքի սպանութեան գործով անմեղ նկատուեցաւ եւ արդէն իսկ ազատ արձակուած է: