
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի տանիքը շատ վատ վիճակի մէջ է: Թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեանի համաձայն, պէտք է զգուշանալ փայտաշէն տանիքէն, որովհետեւ անիկա հարիւր տոկոսով դեռ չէ մաքրուած: «Վտանգուած է Թումանեանի ողջ ժառանգութիւնը՝ բնակարանն ու գրադարանը», ըսաւ ան:
Թուխիկեան նաեւ նշեց, որ տանիքը վտանգուած է նաեւ ամրան, քանի որ անիկա կը դառնայ հրդեհավտանգ: