ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Վրացական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, թէ Վրաստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Եոսիֆ Շաթպերշվիլի Երկուշաբթի, Փետրուար 6ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, թէ իր կուսակցութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն բողոքագիր մը յղած է, Աճարիոյ ինքնավար հանրապետութեան մէջ թրքական միջամտութեանց պատճառով: «Այդ մասին կը վկայեն Վրաստանի մէջ թուրքերու կողմէ հողերու, գոյքի, գործառնութեանց ձեռքբերումը, թրքալեզու ուսումնական հաստատութիւններու բացումը եւ ամէնէն կարեւորը՝ Պաթումի մէջ մզկիթ կառուցելու ջանքերը», ըսած է Շաթպերաշվիլի, աւելցնելով, որ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, երբ Թուրքիոյ մէջ վրացական մշակութային յուշարձանները՝ իբրեւ բիւզանդական կը ներկայացուին եւ կը քանդուին։ Վրացական կուսակցութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ թրքական այս քայլերը Վրաստանի տարածքները տնտեսապէս եւ կրօնապէս գրաւելու «կոպիտ փորձ» են։
Վերջերս Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրթուկրուլ Կիւնայ յայտարարած էր, թէ ինք Թիֆլիսի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է՝ Վրաստանի մէջ մզկիթ կառուցելու հարցով: Վրացական «Վրաստանին ծառայէ՛» շարժումի ղեկավար Մուրման Տումպածէ, անդրադառնալով Պաթումի մէջ թրքական նոր մզկիթ կառուցելու լուրին՝ յայտարարած էր, որ դէմ չէ Աճարիոյ կամ Վրաստանի այլ շրջանի մը մէջ որեւէ մզկիթի վերականգնումին, սակայն նոր մզկիթ կառուցելու գաղափարին «կտրականապէս դէմ ենք»։ «Մենք՝ Պաթումի բնակիչներս, կը յայտարարենք, որ հազիւ նոր մզկիթ կառուցուի, զայն պիտի քանդենք», ազդարարած էր ան: