ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան վերջերս օրակարգի բերած է հաւատացեալ երիտասարդ սերունդ մը պատրաստելու խնդիր մը, որ տեղի տուաւ բանավէճի եւ Էրտողանի հասցէին կատարուած քննադատական մեկնաբանութիւններու։
Վարչապետը ըսած էր, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկն է հասցնել հաւատացեալ երիտասարդներու սերունդներ։ Այս «հաւատացեալ երիտասարդութիւն» բառն է, որ կարգ մը շրջանակներու քննադատութեան արժանացաւ: Բազմաթիւ յօդուածագիրներ, ինչպէս նաեւ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան պետը քննադատեցին վարչապետը՝ պնդելով, որ վարչապետը իր կուսակցութեան կրօնամէտ կեցուածքը արտայայտեց այս կերպով։
Երկուշաբթի, Փետրուար 6ին, Էրտողան, դպրոցներու մէջ «Ֆաթիհի դրութիւն» կոչուած կրթական նոր համակարգի մը գործադրութեան եւ դպրոցներու մէջ համացանցային նոր կարելիութիւններ օգտագործելու դրութեան բացման առիթով ելոյթ մը ունեցաւ: Դիտել տալէ ետք, թէ Թուրքիա նոր քայլ մը կ՛առնէ կրթական գետնի վրայ, քայլ մը՝ «որմէ վաղը օրինակ պիտի առնեն բազմաթիւ օտար երկիրներ», ան պատասխանեց նաեւ հաւատացեալ սերունդներ հասցնելու մասին իր յայտարարութեան ստեղծած հակազդեցութեանց՝ ըսելով. «Մէկ շաբաթէ ի վեր իրենց սիւնակներէն զիս քննադատող յօդուածագիրներուն կը հարցնեմ ահաւասիկ. Ի՞նչ է ձեր ուզածը։ Դուք կ՛ուզէք, որ այս երիտասարդ սերունդը դառնայ որեւէ ուղղութիւն չունեցող, աննպատակ, բարոյական արժէքներէ հեռու երիտասարդութի՞ւն մը։ Հաւատացեալ երիտասարդ մը ձեր ուզածին պէս ժամանակակից սերունդ չի՞ կրնար ըլլալ։ Երիտասարդ մը չի՞ կրնար ըլլալ թէ՛ ժամանակակից, թէ՛ հաւատացեալ։ Հաւատացեալ սերունդը ազատութիւնները կը յարգէ։ Հաւատացեալ սերունդը կը յարգէ նաեւ միւս կրօնքներն ու գաղափարախօսութիւնները։ Մենք այդպիսի՛ կրթութեամբ մը հասած սերունդ ենք»։