
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Հրայր Զօրեանի հետ Փետրուար 7ին կայացած զրոյցին ընթացքին, ան յայտնեց, թէ Օրինաց Երկիր խմբակցութեան պատգամաւոր Գագիկ Բաղդասարեան դիմում ներկայացուցած է՝ պատգամաւորական լիազօրութիւնները զերծ կացուցուելու համար:
Նշենք, որ Օրինաց երկիր խմբակցութեան պատգամաւոր Գագիկ Բաղդասարեանը հեռացուած է կուսակցութենէն:
ՕԵԿի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ Օրինաց երկիր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը ԱԺ պատգամաւոր Գագիկ Բաղդասարեանը երկու տարի առաջ կուսակցութեան համամասնական ցանկով առաջադրած է իբրեւ պատգամաւոր: Սակայն ան երբեք չէ տարած կուսակցական կազմակերպչական որեւէ աշխատանք: Կուսակցութիւնը՝ նկատի առնելով նախընտրական այս շրջանին վերջինիս թերացումը եւ հիմք ընդունելով այն փաստը, որ ԱԺի մէջ օրէնքներու նախագիծերու քուէարկութիւններուն ժամանակ ԱԺ պատգամաւոր Գագիկ Բաղդասարեանին քուէարկութիւնները չեն համընկնած Օրինաց երկիր խմբակցութեան հետ՝ «Օրինաց երկիր» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը որոշած է ԱԺ պատգամաւոր Գագիկ Բաղդասարեանը հեռացնել կուսակցութենէն։
Նշենք, որ Գ. Բաղդասարեան կը պնդէ, որ ինքը իր նախաձեռնու-թեամբ դուրս եկած է կուսակցութենէն։