
Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ, Փետրուար 2ին եւ 3ին, Թեհրանի ՀՄ «Արարատ» կազմակերպութեան կեդորնատեղիի «Կոմիտաս» սրահին մէջ, նոյն կազմակերպութեան Արուեստից միութեան «Արամայիս Աղամալեան» թատերախումբի յաջող խաղարկութեամբ բեմ հանուած է Քեն Քէյսիի «Թռիչք՝ կկուի բնի բարձրունքով» թատերգութիւնը՝ երեք արարով: Թատերգութիւնը կը ներկայացնէ հոգեվիճակը հոգեբուժարանի մը մէջ բժշկուող հիւանդներու, որոնք, ըստ հեղինակին, հիւանդներ չեն, այլ պարզապէս, մարդիկ, որոնք չեն կրնար համակերպիլ զիրենք շրջապատող դաժան հասարակութեան հետ: 17 դերակատարներու մասնակցութեամբ ներկայացուած թատերգութեան թարգմանիչն ու բեմադրիչն է Վահագն Ազիզեանը: