
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազգ».– Իր պաշտօնավարման հարիւր օրուան վերաբերող մամլոյ ասուլիսի ընթացքին՝ Փետրուար 1ին, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան յայտնած է, թէ ինք համամիտ չէ այն տարեթիւին, ըստ որուն, պաշտօնապէս կը նշուի Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին տարիքը: Անոր համաձայն, 1923ին քաղաքը վերանուանուած է Ստեփան Շահումեանի անունով, իսկ մինչ այդ, Վաչագան Բարեպաշտ թագաւորի ժամանակներէն ի վեր, բնակավայրը կը կոչուէր Վարարակն: Նոր քաղաքապետը նշած, է թէ ծրագրուած է յառաջիկային ստեղծել քաղաքի պատմութեան թանգարան, եւ այդ ծիրին մէջ ան կ՛ակնկալէ, որ պատմաբաններու գիտականօրէն սերտեն այս երկուութիւնը եւ եզրակացութեան հասնին՝ Ստեփանակերտի տարիքը ճիշդ նշելու վերաբերեալ:
Միեւնոյն ժամանակ, Սուրէն Գրիգորեան վերապահում ունի Ստեփանակերտ ժամանողներու այն կարծիքին, թէ քաղաքը շատ մաքուր է: Մայրաքաղաքին մէջ շուրջօրեայ ջրամատակարարման նպատակով զետեղուած են նոր ջրագիծեր, սակայն խողովակներու տեղադրումէն ետք քանդուած հատուածները չեն կուպրապատուած, շարք մը փողոցներ դարձած են ցեխոտ ու դժուար անցանելի: Քաղաքապետը նշեց, որ այս տարուան պիւտճէով նախատեսուած են համապատասխան գումարներ՝ փողոցներն ու շէնքերու բակերը կարելի եղածին չափ բարեկարգելու համար:
Սուրէն Գրիգորեան անդրադարձաւ նաեւ բազմայարկ շէնքերու տանիքներու խեղճուկ վիճակին՝ նշելով, որ քաղաքապետարանը նաեւ անոնցմով պիտի հետաքրքրուի եւ տարուան ընթացքին պիտի վերանորոգուին:
Իր նախընտրական ծրագիրին մէջ Ս. Գրիգորեան խոստացած էր քաղաքացիներէն հասած բոլոր բողոքներուն լիաժէք ընթացք տալ, ու այդ նպատակով քաղաքապետարանին մէջ ստեղծուած է նոր բաժին, որ կը զբաղի քաղաքացիներու դիմում-բողոքներու ուսումնասիրութեամբ:
Ան նշեց, որ իր գործելաոճին հիմքը թափանցիկութիւնն ու հրապարակայնութիւնն է: Ս. Գրիգորեանի անմիջական նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքէջ (www.stepanakert.am), որուն պաշտօնական մեկնարկ-բացումը տեղի ունեցաւ մամուլի ասուլիսի աւարտին:
Քաղաքապետի նորանշանակ մամուլի քարտուղար Դաւիթ Միքայէլեան, ներկայացնելով կայքէջը՝ յայտնեց, որ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հետագայ համագործակցութիւնը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: