ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Թրքական պետութեան դիւանագիտական ճկունութիւնն ու խորամանկութիւնը աշխարհահռչակ են։

Օսմանեան կայսրութեան նուաճման ժամանակներէն իսկ, թուրք քաղաքական միտքը նախանձելի ընդունակութեամբ կրցած է մէկ ձեռքով եաթաղանը անխնայ գործածել, իսկ միւսով՝ իրաւունքի եւ արդարութեան կշիռքով օրօրել իր մրցակիցներն ու մինչեւ իսկ… զոհերը։
21րդ դարու երկրորդ տասնամեակի սկզբնական այս շրջանին եւս, թրքական պետութիւնը ի վիճակի է զարմացնելու եւ տպաւորելու միջազգային ընտանիքը՝ դիւանագիտական լարախաղացութեան մէջ նոր մրցանիշ հաստատելու իր ընդունակութեամբ։
Տարբեր գնահատական կարելի չէ տալ թրքական այն աճպարարութեան, որ վերջին օրերուն իր վրայ կեդրոնացուցած է միջազգային լրատուամիջոցներու լուսարձակները։ Տակաւին եօթը–ութ օր առաջ Ֆրանսայի նախագահին ու Ազգային ժողովի զոյգ պալատներուն դէմ, ամէն կարգի սպառնալիքներով, ջղագար համազարկ բացած Թուրքիոյ վարիչները այսօր արդէն, լորձնաշուրթն շողոքորթութեամբ, երախտագիտական գնահատականներ կը բաշխեն Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրինագիծին սահմանադրականութիւնը հարցականի տակ առնող ֆրանսացի խորհրդարանականներուն եւ ծերակուտականներուն։
Թուրք պետական վերնախաւը բաւարարուած կը թուի ըլլալ այնքանով, որքանով Ֆրանսայի Ազգային ժողովի զոյգ պալատներուն կողմէ հաստատուած Օրինագիծին դէմ բողոքարկող՝ անոր սահմանադրականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող օրէնսդիրներու բաւարար թիւ մը գտնուեցաւ ու Օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդի վճռահատման սեղանին դրուեցաւ։ Փաստօրէն՝ նախագահ Սարքոզի, օրինագիծը ստորագրելու եւ անոր օրէնքի ուժ տալու համար, հիմա պարտաւոր է սպասելու Սահմանադրական խորհուրդի վճիռին։
Քաղաքական մեկնաբանները այս օրերուն այլեւայլ բեմագրութիւններ կը նախատեսեն Օրինագիծի ապագային վերաբերեալ։ Բայց ինչ որ ալ ըլլան զարգացումները եւ Օրինագիծին ճակատագիրը, այսքանն իսկ բաւարար կը նկատուի Թուրքիոյ վարիչներուն կողմէ, որպէսզի թրքական դիւանագիտութիւնը ձերբազատեն Ֆրանսայի հետ սպառնալիքներու լեզուով խօսելու աննախանձելի, այլ մանաւանդ անհեռանկար… ստիպողութենէն։
Փաստը այն է, որ վարչապետ Էրտողան, նախագահ Կիւլ եւ արտաքին գործոց նախարար Տաւիթօղլու փութացին անձամբ գլխաւորելու թրքական դիւանագիտութեան նորագոյն, այլեւ պատեհապաշտական շրջադարձը… դէպի իրաւունքի եւ արդարութեան կշիռքով խօսելու կեղծիքը։ Կարծէք իրարու հետ մրցումի ելած՝ թրքական պետութեան ղեկին կանգնած այս եռեակը սկսաւ սահմանադրական իրաւունքներէ ճառել, կարծիքի ազատութեան եւ ազատ արտայայտութեան արժէքները շեփորել ու սահմանադրական դասեր տալ Ֆրանսայի։
Ինքնին կարեւոր է, անշուշտ, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը ինչպէ՞ս կը կողմնորոշուի Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող Օրինագիծին սահմանադրականութեան նկատմամբ։ Այդ առումով ալ պահանջատէր հայութիւնը, իր բոլո՛ր ուժերով անխտիր, կոչուած է շարունակելու եւ հզօրացնելու իրաւունքի ու արդարութեան նուաճման համար ծաւալած իր պայքարը։ Օրինագիծին սահմանադրականութեան վիճարկումը չի կրնար, որեւէ պարագայի, հարցականի տակ դնել Հայասպանութեան փաստին ճանաչումն ու դատապարտումը Ֆրանսայի կողմէ։ Ֆրանսա իր խորհրդարանով եւ կառավարութեամբ ամրագրած է Հայասպանութեան փաստը՝ պետականօրէն ճանչնալով եւ դատապարտելով հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը։ Օրինագիծը կը վերաբերի Ֆրանսայի կողմէ ճանաչումի ու դատապարտումի արժանացած Հայասպանութեան ժխտումը քրէական յանցագործութիւն նկատելու եւ, ըստ այնմ, պատիժի արժանացնելու քաղաքական որոշումին։ Սահմանադրական խորհուրդը ո՛չ իրաւական եւ ոչ ալ քաղաքական որեւէ հիմք ունի ետդարձ կատարելու այս ամէնէն։
Որոշապէս թրքական պետութեան վարիչները իրե՛նք լաւապէս կը գիտակցին, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը չի կրնար դեդեւում արձանագրել Հայասպանութեան ոճիրը ճանչնալու եւ դատապարտելու հարթութեան վրայ։ Մնացեալը՝ Հայասպանութեան ժխտումը պատժող օրինագիծին սահմանադրական տարազումին եւ հիմնաւորումին շուրջ բանավէճ է ըստ ամենայնի, որ ուշ կամ կանուխ իրաւական ու արդար իր ելքը կը գտնէ։
Ֆրանսա արդէն կտրած է ռուպիքոնը։ Հակառակ թրքական պետութեան ամէն կարգի սպառնալիքներուն եւ Թուրքիոյ կողմնակից ուժերու այլեւայլ ճնշումներուն՝ Ֆրանսա արտայայտած է իր քաղաքական կամքը եւ Թուրքիա խուսափում չունի ցեղասպանական իր ժառանգութեան հետ հաշուի նստելու՝ իրաւունքի եւ արդարութեան ձայնին անսալու պարտաւորութենէն։
Ահա՛ այդ անխուսափելի պարտաւորութեան ճնշումը իրենց ուսերէն վար նետելու յուսահատական փորձ կը կատարեն վարչապետ Էրտողան եւ իր անմիջական գործակիցները։ Հայասպանութեան ժխտումը քրէական ու պատժելի յանցագործութիւն հռչակող Օրինագիծին հաստատումով՝ Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութիւնները, իրենց կողքին ունենալով Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը, քաղաքական անփառունակ պարտութեան մատնեցին թրքական պետութեան Ուրացման վարքագիծը։ Սահմանադրական Խորհուրդը, յոռեգոյն պարագային, կրնայ որոշ ժամանակի համար թեթեւցնել իրաւունքի եւ արդարութեան ճնշումը Թուրքիոյ վարիչներուն վրայ։ Բայց աւելին՝ բացառուած է…
Թուրք քաղաքական միտքը իր կարգին կ՛անդրադառնայ, թէ Հայասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ճակատին վրայ իր կրած պարտութիւնը անշրջելի է։
Վստահաբար այդ պատճառով ալ թրքական պետութիւնը ամէն ճիգ կը թափէ, որպէսզի «բարոյական յաղթանակ»ով փոխարինէ իր պարտութիւնը՝ յատկապէս ներքին ճակատի սպառման համար օգտագործելի խաղաթուղթ մը ձեռք ձգելով։
Հայասպանութեան ժխտումը պատժող Օրինագիծին վաւերացման «սահմանադրական» ձգձգումը այդօրինակ «բարոյական յաղթանակ»է մը աւելին չի կրնար ըլլալ։