ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
14-15 Յունուար 2012ի շաբաթավերջին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակը մանկական գեղեցիկ աշխարհի մը վերածուած էր: Եռուզեռի մէջ էր եկեղեցւոյ ընդարձակ կանգառն ու «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահը: Ամէնուրեք ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէր: ՀՕՄի Ձմեռնային հրաշալիքներու փառատօնն էր, որ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած էր շրջանի Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ:
Ուրախ ժամանցի համար վեց հազարի շուրջ երեխաներ, ծնողներ եւ աշակերտներ փութացած էին փառատօնի վայրը: Ստեղծուած ոգեւորիչ մթնոլորտը անհամբերութեան մատնած էր յատկապէս փոքրիկները, որոնք երկար շարքեր բռնած՝ անձկութեամբ կը սպասէին տեսնելու կուտակուած ձիւնը, նետուելու անոր վրայ, ձիւնէ գնդակներ պատրաստելու, իրարու վրայ նետելու եւ ինչո՛ւ չէ նաեւ՝ ազատօրէն սահելու ձիւնի կոյտերուն վրայէն: Այդպէս ալ ըրին: Իսկ խաղերով զուարճանալու իրենց մղումին ընթացք տալով՝ անոնք նոյն ոգեւորութեամբ կը զուարճանային բակին մէջ զետեղուած Ferris Wheel-ի եւ Super Slide-ի հսկայական խաղալիքներով, որոնց վրայ բարձրանալով՝ բարձրաձայն ճիչերով կ՛արտայայտէին իրենց անսահման հրճուանքը:
Այսքանով չէր սահմանափակուէր Հրաշալիքներու այս փառատօնը: Եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ զետեղուած էին մանկական խաղեր եւ կը հրամցուէին համադամ ճաշեր: Հոն տեղադրուած էին նաեւ կարգ մը առեւտրական կրպակներ: Այս բոլորին առընթեր, գեղարուեստական հետաքրքրական ծրագիրներ կ՛իրագործուէին եկեղեցւոյ ներքնասարհին մէջ:
Փառատօնի հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ, 14 Յունուարի առաւօտեան ժամը 10ին, հանդիսավարութեամբ հեռատեսիլի հաղորդավար Հուրիկ Ֆուրնուզեանի, որ բարի գալուստի իր քաղցր խօսքերէն ետք ներկաներուն գաղափար մը տուաւ Հայ Օգնութեան Միութեան հետապնդած բարեսիրական նպատակներուն եւ մարդասիրական ծառայութիւններուն մասին:
Այնուհետեւ ձեռնհասօրէն կատարելով իրեն վստահուած հանդիսավարի պարտականութիւնը՝ յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց օրուան արուեստագէտներն ու պարախումբերը, որոնք մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին սրահէն ներս՝ արժանանալով ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն: Այսպէս.
* «Արարատ Չարթըր դպրոց»ի աշակերտները ներկայացուցին խմբերգներու ու խմբային պարերու փունջ մը.
* Ալլա եւ Ռոպերթա Արեւեան քոյրերը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին իրենց հրամցուցած մեներգներով եւ զուգերգներով.
* Աշուղական եւ ժողովրդական երգերով ելոյթ ունեցան Կլենտէյլի Համազգայինի «Տարօն» երգչախումբէն Սարգիս Թահմազեան եւ Վահէ Ղարիպեան, ինչպէս նաեւ քանի մը աշուղական երգեր մեկնաբանեց անոնց ղեկավարը՝ երգահան Գէորգ Չաքմանեանը.
* Առանձնաբար հայկական պարերով ելոյթներ ունեցան «Կիլիկիա» եւ «Կռունկ» պարախումբերը՝ մեծապէս տպաւորելով ներկաները.
* Հայկական եւ միջազգային պարեր ներկայացուցին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի եւ «Էրեբունի» պարախումբերը.
* ՀՕՄուհի Վարուհի Շահինեան իր մեներգներով հմայեց ներկաները:
Գեղարուեստական յայտագիրի բոլոր մասնակիցներն ալ երկարաշունչ ծափողջոյններով բարձր գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ, որոնք կարծես անգամ մը եւս հայկականութեամբ լեցուած տեղափոխուեցան հայկական աշխարհ:
Առաջին անգամ ըլլալով ՀՕՄի կողմէ կազմակերպուած այս փառատօնը գեղեցիկ փորձառութիւն մը եղաւ կազմակերպիչ յանձնախումբին համար:
Բնական է, որ ՀՕՄի նման մարդասիրական կազմակերպութեան մը գործունէութիւնը յաջողութեամբ կը պսակուի կամաւոր աշխատողներուն շնորհիւ: Այս պարագային ալ, կազմակերպիչ յանձնախումբին կողքին, ութսունէ աւելի անձնազոհ ՀՕՄուհիներ սիրայօժար աշխատեցան փառատօնի զանազան մարզերէն ներս՝ բացառիկ յաջողութեան առաջնորդելով նախաձեռնութիւնը:
Ձմեռնային Հրաշալիքներու այս փառատօնի կազմակերպումով, ՀՕՄի ծրագիրները նոր նախաձեռնութեամբ մը հարստացան, ինչ որ իր եզակի երեւոյթով վստահաբար հրապուրեց մանուկներուն հարուստ աշխարհը:
«Այս փառատօնը նպատակ ունէր սիրաշահիլ մանուկները եւ անոնց ընկերակցող ծնողները, որոնք վստահաբար պիտի հետաքրքրուին ՀՕՄի մասին եւ պիտի ծանօթանան անոր առաքելութեան: Ուրախ եմ, որ իբրեւ առաջին փորձ՝ երկօրեայ այս աշխատանքը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ շնորհիւ կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ կամաւոր աշխատող ժրաջան անդամուհիներուն:
Երախտապարտ ենք մեր ընկերուհիներուն, իսկ մեծապէս շնորհակալ՝ այն ծնողներուն, որոնք իրենց երեխաները մասնակից դարձուցին այս փառատօնին:
Շնորհակալութիւն նաեւ փառատօնի գեղարուեստական ծրագիրին մասնակցող արուեստագէտներուն եւ պարախումբերուն, որոնք ինչպէս միշտ, անգամ մը եւս իրենց ելոյթներով բաժնեկից դարձան ՀՕՄի աշխատանքներու յաջողութեան», այս առթիւ մեծ ոգեւորութեամբ արտայայտուեցաւ ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան: