
ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».– Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յունուար 27ի Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր յանձնեց ամերիկահայ յայտնի իրաւաբան, ազգային, հասարակական գործիչ Արա Ակիշեանին, որուն Հայաստանի քաղաքացիութիւն շնորհուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով:
Նշենք, որ յայտնի իրաւաբան Արա Ակիշեան 1988էն ի վեր Քալիֆորնիոյ մէջ կը տանի դատական մասնագիտական գործունէութիւն: Ան լիազօրուած է աշխատելու նահանգի բոլոր դատարաններուն մէջ, Միացեալ Նահանգներու 9րդ շրջանային վճռաբեկ դատարանին եւ գերագոյն դատարանին մէջ: Ա. Ակիշեան կը ղեկավարէ «Արա Ակիշեան իրաւաբանական գրասենեակ» ընկերութիւնը: Ակիշեան Քալիֆորնիա նահանգի Փաստաբաններու միութեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի եւ Ամերիկայի Փաստաբաններու միութիւններու անդամ է: Եղած է Լոս Անճելըսի Գերագոյն դատարանի դատաւոր: Իր մասնագիտական յաջող գործունէութեան համար արժանացած է պատուոյ գիրերու եւ լաւ անուն շահած է։
2009ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինի խորհուրդը միաձայնութեամբ Ա. Ակիշեանը ընտրած է ատենապետ:
Ծաւալած է հայանպաստ հասարակական բազմամեայ գործունէութիւն: 15 տարի շարունակ եղած է Հոլիվուտի «Արշակ Տիգրանեան» դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի քարտուղար, ինչպէս նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սան Ֆերնանտոյի մասնաճիւղի ատենապետ:
Նպատակ ունենալով աջակցելու հայկական ուսումնասիրութիւններուն՝ տէր եւ տիկին Ակիշեանները հովանաւորած են հայոց լեզուի, հայ մշակոյթի եւ պատմութեան շարք մը ծրագիրներ՝ Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանին մէջ, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի բազմաթիւ հայկական դպրոցներու մէջ:
I am glad to be one of many visitors on this outstanding site (:, thanks for putting up.