ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ Հանրային-քաղաքական կեդրոնի սրահին մէջ Յունուար 27ին կայացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի կազմակերպման համար Մոսկուայի մէջ ձեռնարկներու համակարգման յանձնաժողովի հիմնադիր նիստը, որուն հրաւիրուած են հանրային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, գիտնականներ եւ փորձագէտներ: Հաստատուած է յանձնաժողովին կազմը, ստեղծուած են աշխատանքային խումբեր, որոշուած է յառաջիկայ ամիսներուն կայանալիք ձեռնարկներուն ցանկը:
Յանձնաժողովը աշխոյժօրէն պիտի համագործակցի Հայաստանի եւ Ռուսիոյ համապատասխան պետական ու հասարակական կառոյցներուն հետ: