(Ամանորեան Խոհեր)
ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ

ՆԱ.-… Է~հ, կնիկս, տարի մըն ալ գլտորեցինք։ Այս տարի ութսունին բարեւ պիտի ըսեմ։ Կանաչ Գօտին քիթերնուս տակ է։ Չեմ գիտեր, մե՞նք դէպի անոր կ՛երթանք, թէ՝ ա՛ն է, որ մեզի կու գայ։ Սակայն, իրաւ է որ, ամէն մարդ, առանց անդրադառնալու, ի՛նքն է որ դէպի այդ Կանաչ Գօտիին կը մօտենայ։ Շիտակը, Կանաչ Գօտի ըսի, միտքս ինկաւ մեր մէկ լենինականցի բարեկամը, որ Հայաստանէն եկած էր։ Երբ հայրիկիս գերեզմանին այցելութեան գացինք, խնամուած գերեզմանոցը տեսնելով՝ ետդարձի ճամբուն ըսաւ. «Էս ձեր գերեզմանոցը տեսնիս կը՝ մեռնելդ կու գայ…»։
ՆԷ.- Այսօր քաշելիք ունինք նորէն։ Ի՞նչ եղաւ քեզի մարդ։ Ի՞նչ երազ տեսած ես…, առտու կանուխ փիլիսոփայելու սկսար։ Երէկ ալ նոյնն էր, նախորդ օրն ալ։ Անհանգի՞ստ ես, բա՞ն մը ունիս. ըսէ նայինք։
ՆԱ.- Ես ե՞րբ բան մը չունիմ որ։ Խելքս, միտքս, ինչպէս միշտ՝ Հայաստանի վրայ է։
ՆԷ.- Այս անգա՞մ ինչ գտար նորէն։
ՆԱ.- Ըսեմ, ըսեմ կնիկս։ Երէկ ասոնց Քրիսմըսը նշեցինք, այնպէս չէ՞։
ՆԷ.- Է~, այո՛, նշեցինք, իսկ ի՞նչ կայ որ…
ՆԱ.- Ան կայ տիկինս, որ ամէն տարի այս օրերուն նախանձս կը շարժի. ինչո՞ւ սա մարդիկը մէկ երկու ամիս անդադար Քրիստոսի փառքը կը հիւսեն ոչ միայն եկեղեցիներու մէջ, այլեւ առօրեայ կեանքը կը վերածեն տօնի։ Գիշեր-ցորեկ «ռատիօ», հեռատեսիլ կը լեցուին մէկը միւսէն ուրախ, զուարճալի հաղորդումներով, հազարումէկ գեղեցիկ մեղեդիներ, երգեր կը հնչեցնեն, նոյն երգը կը մատուցեն տարբեր մշակումներով, տարբեր խումբերով եւ մենակատարներով։
Նէ.- Է~, այո, ի՞նչ ըսել կ՛ուզես…
ՆԱ.- Ան ըսել կ՛ուզեմ, որ հայերուս համար այդ Սուրբ տօնը գրեթէ աննկատ կ՛անցնի, եթէ հաշուի չառնենք քանի մը օրուան եկեղեցական արարողութիւնները։
ՆԷ.- Կեցիր, կեցի՛ր ամուսինս, վայրկեան մը սպասէ, ըսելիքդ չմոռնաս, մէյ մը սա «թելեվիզիոն»ին նայէ…, նայէ, սա ջլթիկին նայէ, արաբ կիներն անգամ այսպիսի վարպետութեամբ չեն պարեր։
ՆԱ.- Հիմա ալ երկաթէ սիւնին պիտի փաթթուի ու վեր սահի…, նայէ, նայէ Վարդուկ հանըմ…
ՆԷ.- Հիմա խենթենամ պիտի…, նայէ՛, նայէ մարդս, ինչպէս վար սահեցաւ…, երեսդ անդին դարձուր, ամօթ է, մեծ մարդ ես, չխպնած։
ՆԱ.- Խենթեցա՞ր կնիկ…, ե՞ս ինչու պիտի ամչնամ, անոնք թող ամչնան, որ Նոր Տարուան այս օրերուն ասանկ բաներ ցոյց կու տան։
ՆԷ.- Իրաւ ես Ղուկաս, ինչ է, թող անոնք ամչնան…, աչք է կը տեսնէ, լա~ւ մի նեղուիր, բան մըն էր ըսի…
ՆԱ.- Սա լաթի կտորն ալ առջեւէն հանելու ըլլար նէ՝ ի~նչ աղուոր տեսարան կը բացուէր, հը՞, ի՞նչ կ՛ըսես, այդպէս աւելի գեղեցիկ պիտի չըլլա՞ր…
ՆԷ.- Եւ դուն ալ պիտի հրճուէիր այնպէս չէ՞…, անամօթ, ի՞նչ է, հին օրե՞րդ յիշեցիր, չխպնած, թէեւ այն ատեն ալ բան մը չէիր…, գէթ ինծի համար…, տարիքէդ ամչցիր։ Հիմա ալ առիթը չես փախցներ ասոր անոր սրունքները լուսարձակի տակ առնելու։ Գոցէ՛, գոցէ սա խայտառակ «թելեվիզիոն»ը…,
ՆԱ.- Ինչո՞ւ գոցեմ «թելեվիզիոն»ը, ուրիշ կայան մը կը բանամ։ Փառք Տիրոջ, լեցուն կայաններ ունինք Կլենտէյլի մէջ։ Նայէ, Վարդուկ, նայէ, այս հաղորդումն ալ այստեղէն է։
ՆԷ.- Գոցէ՛ ըսինք մարդ, չե՞ս հասկնար, կամ ալ ձայնը մարէ։ Քիչ առաջուան ըսելիքդ ըսէ։
ՆԱ.- Ո՛չ, պիտի չգոցեմ եւ ձայնն ալ վար պիտի չառնեմ…, այս անգամ իմ խօսքս պիտի ըլլայ, հասկցա՞ր…, նայէ՛, նայէ, եւ լսէ թէ ի՛նչ հայերէն կ՛օգտագործեն այս երկու գիտունիկները։ Ամէն շաբաթ այս հաղորդումը կայ, տեսակ մը խաղ է, յաղթողին «փիցա» կու տան։
ՆԷ.- Ինչո՞ւս պէտք…, «փիցա՛»,- ամօթ է պէ, ամօթ…, լաւ, ձգէ նայինք ի՞նչ հարց պիտի տան:
Մրցոյթը վարող տղամարդուն հարցը հետեւեալն է. «Անուշ» օփերան առաջին անգամ ե՞րբ բեմադրուած է եւ ո՞ւր»։ Քանի մը հոգի սխալ պատասխաններ կու տան։ Վերջապէս կին մը ճիշդը կը պատասխանէ։
– «Փիցա»ն հետեւից գալիս ա…,- յաղթողին կը յայտնէ խաղը վարող կինը։
– Գնացէք ձեզ կշտացնելու,- աս ալ տղամարդն է։
ՆԱ.- Բան մը հասկցա՞ր Վարդուկ…
ՆԷ.- Ո՛չ, բան մըն ալ չհասկցայ, աս ի՞նչ հայերէն է, ան ալ հեռատեսիլէն, ան ալ Նոր Տարուան այս օրերուն…
ՆԱ.- Մոռցա՞ր քանի մը շաբաթ առաջ մեր հարսին բերած թռուցիկները, որոնք իրեն ղրկուած էին դպրոցին կողմէ։
ՆԷ.- Ո՛չ, չեմ մոռցած, բայց մէկ հատ կար որ գլուխ գործոց էր, կրնա՞ս յիշեցնել։
ՆԱ.- Սիրո~վ, տիկինս, ես ատոնք խնամքով պահած եմ, որպէսզի երբ մեծնան մեր թոռները, գիտնան թէ հայերէնի ինչ որակի ուսուցիչներ ունեցած են ամերիկեան դպրոցին մէջ։ Երթամ գզրոցիս մէջէն փնտռեմ եւ բերեմ։
Մինչ մեր հերոսը իր գրասեղանի գզրոցին թուղթերուն մէջ թաղուած անհրաժեշտ թռուցիկը կը փնտռէր, Վարդուկը դարձուց հեռատեսիլին կոճակը եւ ինկաւ հայկական ծանօթ «սերիալ»ներէն մէկուն վրայ եւ պաստառի վրայի սահմռկեցուցիչ պատկերները տեսնելով՝ սարսափած սկսաւ պոռալ՝ Ղուկա~ս, Ղուկա~ս…, եկո՛ւր, եկուր…, տես ի~նչ սոսկալի տեսարան է։
ՆԱ.- Աստուա~ծ իմ…, ասանկ արիւնռուշտ տեսարա՞ն, հայ իրականութեան մէ՞ջ…, անհաւատալի է։ Գոցէ՛, գոցէ՛ սա «թելեվիզիոն» չեղածը, կամ ալ ամերիկեան կայան մը բաց, ըսաւ կնոջ պոռալուն վրայ խոհանոց ներխուժած ամուսինը։
Խեղճ կինը չկրցաւ անգամ հեռատեսիլին մօտենալ եւ պարզապէս փախաւ խոհանոցէն։
ՆԱ.- Եկո~ւր, հանըմս, եկուր…, մարեցի «թելեվիզիոն»ը։ Աս ինչ խայտառակութիւն է պէ, այսքան տարի է հոս կապրինք, բայց երբեւէ ամերիկեան կայաններէն այսպիսի խայտառակ պատկերներ չտեսանք։
Քանի մը վայրկեան ետք, կրկին խոհանոց վերադարձաւ տանտիրուհին՝ տեսակ մը կքած, պզտիկցած։
ՆԷ.- Վազ անցիր Ղուկաս, բնաւ տրամադրութիւն չունիմ խօսելու։
ՆԱ.- Կը հասկնամ, յուզուած ես։ Եկուր, եկուր կնիկս, եկուր քիչ մըն ալ խնդանք մեր այստեղի ամերիկեան դպրոցներու հայ վարժուհիներու գրագիտութեան վրայ։ Փնտռեցի եւ գտայ քու ուզած թռուցիկը։
ՆԷ.- Վազ անցիր ամուսինս, գործ ունիմ, հազիւ չորս-հինգ օր մնաց մինչեւ Ամանորի գիշերը։ Այսօրուընէ պիտի սկսիմ Նոր Տարուան կերակուրները եւ խմորեղէնները պատրաստելու։ Բազմանդամ ընտանիք ենք։ Զաւակներդ, թոռներդ ինչպէս միշտ կու գան եւ ամէն մէկը իր նախընտրած ուտեստը պիտի փնտռէ։
ՆԱ.- Լաւ, հիմա քիչ մը հանգչէ եւ մտիկ ըրէ, վերջը քեզի հանգիստ կը ձգեմ։ Գիտեմ շատ ազդուեցար դիտածդ պատկերներէն։ Հիմա մտիկ ըրէ թէ Նոր Տարուան կապակցութեամբ ինչ կը յորդորեն մեր թոռներուն այդ հայերէնի ուսուցիչ կոչուածները։ Ուշադիր մտիկ ըրէ։ Ոչ միայն միտքի սխալներ կան, այլեւ ծիծաղելիութեան աստիճանի տառասխալներ։ Այսպէս ուրեմն. «Միակ ծրագիր աշակերտներու ՎԱԽՃԱՆ-ՏԱՐԵԿԱՆ գնահատում», Ձեր ՆՈՒԻՐԱՏՈՒԹԻՒՆԸ դպրոց ԲԵՐԵՔ Դեկտեմբեր ֆ- առաջ կամ ՀԵՏԵՐՆԻԹ ԲԵՐԵՔ երբ ՔԱՔ ընտանիքի տօնական ուրախ ԵՐԵԿՈ Դեկտեմբեր .-ին»։
ՆԷ.- Ի՞նչ կ՛ուզէիր որ ըլլայ…, դեռ ք…ք-մաք, նորէն հայու հօտ կայ , վաղը, միւս օր աս ալ իր գինը պիտի ունենայ։
ՆԱ.- Օհօ~, բաւական յառաջդիմութիւն կայ մտածումներուդ մէջ։ Չըլլայ անանկ, որ Պարոնեանին ըսածին նման «Յառաջ ըսելով՝ ետ-ետ երթանք»։
ՆԷ.- Լաւ է ետ երթալ սխալը շտկելու համար, քան կեցած տեղը մնալ, բան մը, որ ճիշդ քեզի համար ըսուած է։
ՆԱ.- Հայտէ~, հայտէ~, էրկար ըրիր կնիկ, դուն ան ըսէ, մեր հայաստանցի բարեկամներուն ղրկուած դրամները տեղ հասա՞ծ են արդեօք…, մէկը չմոռցա՞նք։
ՆԷ.- Ո՛չ, չմոռցանք, անցեալ տարուընէ ասդին դեռ քանի մը հոգի ալ աւելցաւ մեր ունեցած ցանկին վրայ։
ՆԱ.- Գիտե՞ս ինչ յիշեցի, քանի հայաստանցիներու մասին է խօսքը։
ՆԷ.- Ի՞նչ յիշեցիր ամուսինս…
ՆԱ.- Երբ Հայաստանի անունը կու տամ, անմիջապէս ժպտիլդ կու գայ եւ քաղցր խօսքերու տարափ կը տեղաս գլխուս։ Ինչ որ է, ըսեմ. կը յիշե՞ս Հռիփսիկին Կազիրոկ բացօթեայ սրճարանը։
ՆԷ.- Կրնա՞մ մոռնալ…, յիսուն տարի այդ սրճարանին մշտական «բնակիչը» եղած ենք։
ՆԱ.- Քիչ առաջ այստեղի հայերէնի մասին կը խօսէինք, հիմա յիշեցի Երեւանի հայերէնը, որ մենք լսեցինք Կազիրոկ սրճարանին մէջ, մեր քովի սեղանի երիտասարդներէն. «Չգնա՞նք մի քիչ ՏԸԺԺԱՆՔ…,- ըսաւ մէկը, միւսն ալ պատասխանեց. «ՍՐՃՈՒԵՆՔ՝ ՅԵՏՈՅ», իսկ երրորդն ալ լրացուց. «ՅԵՏՈՅ ԿԵԹԱՆՔ ԱՂæԻԿՆԵՐԻ ՀԵՏ ՇՓՈՒԵԼՈՒ»:
ՆԷ.- Այսինքն ինչո՞ւ յիշեցիր…, ամէնքս ալ գիտենք, թէ որքա՛ն խեղճ է Հայաստանի մէջ առօրեայ խօսակցական լեզուն։ Մերի՞նը ինչ է որ. գաւառական արեւմտահայերէն։ դուն՝ օրինակ, այդքան տարի ապրեցար Հայաստանի մէջ, բայց քու գիտցած արեւմտահայերէնէն վազ չանցար (ձեռք չքաշեցիր-Խմբ.), ինչո՞ւ, ըսէ նայիմ։
ՆԱ.- Ինչո՞ւ վազ պիտի անցնիմ եղեր. ատ է իմ լեզուս, աս եղած է ծնողքիս եւ պապերուս լեզուն…։ Սեղմէ՛, սեղմէ սա «թելեվիզիոն» կոչուած տուփին կոճակը եւ մտիկ ըրէ նայինք, թէ ի~նչ հայերէնով կը խօսին պետական կայանէն։
Այդ վայրկեանին երգիչներու մրցոյթ էր պաստառին վրայ. «ներիր ինձ, որ քեզ սիրել եմ ԱՆՀԱՄԱՐ…», կ՛երգէր իր «յօրինած» երգը պարարտ փորով երիտասարդը։
ՆԱ.- Լսեցի՞ր տիկինս թէ ինչ բառեր շարած է երգիչը իր «ԵՐԳ» կոչուած մեղեդիին համար։ Դարձուր կոճակը, նայինք միւս կայանէն ի՛նչ գլուխ-գործոց հայերէն մտիկ պիտի ընենք։
– Դէ խօսա՛ լիրբ, տղա՞յ ա, թէ՝ աղջիկ,- աղջկան կոկորդէն բռնած խեղդել կը ջանար կատղած երիտասարդը,- ինչի~, ինչի~, ինչի~ ես ինձ խաբել…, խօսա, դէ, խօսա~…, ինչի~…։
ՆԷ.- Հոն կեցիր պարոնս։ Հոն կեցիր։ Շատոնց Հայաստանի մէջ վերցուած է «Է» օժանդակ բայը եւ «Ա»ի վերածուած, ինչպէս օրինակ. ԽՕՍՈՒՄ Ա, ԵՐԳՈՒՄ Ա։ Ամէն մարդ այդպէս կը խօսի, ըլլայ «սերիալ»ներու մէջ, ըլլայ հարցազրոյցներու ատեն։ Ամէն տեղ, մեծէն պզտիկ՝ այդպէս կը խօսին։ Ուղղակի համաճարակ դարձած է «Է» օժանդակ բայի փոխարէն «Ա»ի օգտագործումը։
ՆԱ.- Ապրիս կնիկս, կարգին կը հետեւիս կոր ըսել է Հայաստանեան հաղորդումներուն։
ՆԷ.- Այդ մէկը չեղաւ պարոնս, «Կոր»ը ի՞նչ ըսել է։ æանայ հանել այդ բառը քու բառապաշարէդ։ Այդ «կոր»ն ալ, մեր՝ արեւմտահայերէնի ցաւն է, որ կու գայ օժանդակ բայի պակասէն։ Այս բացը հրաշալիօրէն լուծուած է արեւելահայերէնի մէջ։ Նայէ, որքա~ն լաւ կը հնչէ քիչ առաջուան ըսածդ արեւելահայերէնով. «կարգին հետեւում ես հայաստանեան հաղորդումներին»։
ՆԱ.- Չէ~, իրաւ որ լաւ հայերէնի դաս առած ես Փարիզի «դպրոցասէր»ին մէջ։ Ապրիս Վարդուկս։ Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի հարցը ահա քանի տարի է կ՛արծարծուի մտաւորականներու կողմէ, բայց հայրենի իշխանութիւններու հոգը չէ։ Գէթ կարենային միատեսակ ուղղագրութեան հարցը լուծել, հակառակ պարագային դասական ուղղագրութիւնը իսպառ ջնջուելու վտանգի տակ է։
ՆԷ.- Ուղղագրութիւն-մուղղագրութիւն, առայժմ ատենը չէ այդ ամէնի մասին խօսելու էրիկս, Նոր Տարի է, մենք հոս ճոխ սեղաններու շուրջ համադամ կերակուրներ պիտի վայելենք, իսկ հոն՝ Հայաստանի մէջ, ըստ իշխանութեանց հաղորդումների ժողովուրդին քառասուն տոկոսը անօթի է։
ՆԱ.- Իրականութիւնը անշուշտ շատ աւելին է։ Լաւ է, որ մեր այստեղի ժողովուրդը մշտապէս զօրավիգ կը կենայ Հայաստանի մեր ժողովուրդին։ Նայէ որքան խոշոր գումար հաւաքուեցաւ Թելեթոնին։ Դեռ Մոսկուայի մեծահարուստներն ալ խոշոր գումար մը պիտի տան Արցախին՝ «æՈՒՐԻ» համար։
ՆԷ.- Խեր ըլլայ ամուսինս։ Սկսած ես լաւատես ըլլալ։ Լաւ է, լաւ։
ՆԱ.- Ինչպէս խոշոր գիտնական մը ըսած է՝ «Միայն տխմարները եւ հանգուցեալները երբեք չեն փոխեր իրենց կարծիքը»։ Ինչպէ՞ս կրնայ խիղճ ունեցող մէկը մշտապէս նոյն կարծիքին վրայ քարացած մնալ, չէ՞ որ տարուէ տարի, ամիս առ ամիս, օրէ օր նոր երեւոյթներու ականատես կ՛ըլլանք։
ՆԷ.- Իրաւ ես ամուսինս, ամէն օր նոր բան մը կայ թէ՛ հոս եւ թէ Հայաստանի մէջ։ Կարեւորը հաւատը պահելն է…, այս գալիք տարուան ընթացքին շատ նորութիւններու ականատես պիտի ըլլանք, հոգ մի ըներ Ղուկաս աղա, ել տեղէդ, ել։ Քանի ժամ է «քանափէ»ին վրայ նստած ֆըսըր-ֆըսըր «սիգարա» ծխելով աչքդ չհեռացուցիր «թելեվիզիոն»էն։ Մարէ՛ սա «թելեվիզիոն»ը եւ նպարատուն գնայ։ Չմոռնաս «պասթըրման» եւ «քեսթենէն»…
ՆԱ.- Ամօթ է կնիկ, քիչ առաջ քեզի գովեցի լաւ հայերէն գիտնալուդ համար, հիմա ելեր թրքերէն բառեր կ՛օգտագործես։
ՆԷ.- Յայտէ~…, սըվոր նայէ, ինծի հայերէն պիտի սորվեցնէ, ինչ է, չե՞մ գիտէր ատոնց հայերէնը. ըսեմ դէ՝ սորվէ. ԱՊՈՒԽՏ եւ ՇԱԳԱՆԱԿ։ Գիտցիր, որ մենք սովորութեան ուժով է որ թրքերէն բառեր կ՛օգտագործենք։
ՆԱ.- Աֆերի~մ կնիկ…
ՆԷ.- Թո~ւ…, չխպնած։