
ԹԵՀՐԱՆ,– Իրանական «ԻՍՆԱ» գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ Իրանի ներքին գործոց նախարարութեան արտաքին հարցերով փոխնախարար Մեհթի Մոհամատիֆարտ յայտարարած է, թէ Իրանի ներքին գործոց նախարար Մուսթաֆա Մուհամէտ Նաճար Յունուարի կէսերուն Հայաստան պիտի այցելէ՝ յատկապէս անվտանգութեան կապուած հարցեր քննարկելու:
«Կողմերը պիտի քննարկեն մշակութային, առեւտրային եւ տնտեսական համագործակցութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ սահմանային գօտին մէջ համատեղ տօնավաճառներու գործունէութեան հարցը»,- նշած է Մեհթի Մոհամատիֆարտ: