
ՋԱՒԱԽՔ.- Դեկտեմբեր 24ին, Ախալքալաքի «Արարատ» հիւրանոցին մէջ նշուեցաւ Վրաստանի ՀՕՄի (ՎՀՕՄ) տասնամեակը, որուն ներկայ էին Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ տարբեր հիւրեր:
Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոններու սաները, ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուցին հայկական շարք մը ժողովրդական պարեր ու երգեր:
Տօնակատարութեան ժամանակ, ՎՀՕՄի ատենապետուհի Կարինէ Թադեւոսեան, իր խօսքին մէջ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկայներուն եւ ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնը՝ հիմնադրման օրէն ի վեր:
Անոր խօսքով, ՎՀՕՄը ամէն տարի կ՛իրականացնէ բազմաթիւ ծրագիրներ, ինչպէս օրինակ՝ կ՛օգնէ լաւագոյն ուսանողներուն, որոնց ընտանիքները կը գտնուին չքաւորութեան մէջ, եւ կը վճարէ «Երեմեան» կրթաթոշակը: Կազմակերպութիւնը նաեւ փոքրիկ ծրագիրներով կ՛օժանդակէ ծննդատուներուն եւ հաշմանդամներու ընտանիքներուն: