ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Արեւելեան Հոլիվուտի առեւտուրի գրասենեակը, տնօրէնութեամբ Ճան Փերոնի, կը ծրագրէ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ ստեղծել շրջանին մէջ:
Փերոն կը յայտնէ, թէ «Քայզըր» եւ «Չիլտրընզ» հսկայ հիւանդանոցներուն քաշողականութիւնը օգտագործելով՝ աշխատանք պիտի տարուի յատկապէս կրթական, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան եւ ժամանցի մարզերուն ճամբով տնտեսութիւնը խթանել, միաժամանակ օգտուելով այն իրողութենէն, որ քաղաքի անունին մէջ կայ աշխարհի տարածքին ծանօթ «Հոլիվուտ»ը:
Արեւելեան Հոլիվուտի առեւտուրի գրասենեակը նաեւ կը ծրագրէ շարք մը սեմինարներ կազմակերպել՝ խորհուրդներ փոխանցելու համար շրջանի քաղաքացիներուն, յատկապէս բնակարաններու առուծախի եւ տարեցներու խնամատարութեան մասին:
Նաեւ, յառաջիկայ ընտրութեանց նախօրեակին ժողովրդային հաւաքներ պիտի կազմակերպուին՝ առիթ ընծայելու համար շրջանի քաղաքացիներուն, որ մօտէն ծանօթանան թեկնածուներուն:
Արեւելեան Հոլիվուտի առեւտուրի գրասենեակին հետ կարելի է կապ հաստատել (626) 625-7123 թիւով, իսկ անոր հասցէն է՝ 5419 Sunset Blvd. Hollywood, CA 90027: