
ԳԱՀԻՐԷ.- Եգիպտոսի «Արմաւէնի» կայքը կը գրէ. «Եգիպտահայ գաղութը, տարիքոտ թէ երեխայ, Շաբաթ 16 Դեկտեմբերի գիշերուընէ մտահոգ ու տխուր օրեր ապրեցաւ մինչեւ Երկուշաբթի, 18 Դեկտեմբերի կէս գիշեր, երբ բոլորը իրենց բջիջային հեռաձայններուն եւ «ֆէյսպուք»ի էջերով ուրախ լուր ստացան, թէ փոքրիկն «Պերճ վերադարձաւ տուն»:
«Փառք Աստուծոյ Պերճօն վերջապէս միացած է ընտանիքին», կ՛ըսէ 10ամեայ Պերճ Ասատուրեանի հօրեղբայրը՝ Հայկ Ասատուրեան, մանրամասնելով 48 ժամ տեւած առեւանգման եւ ազատ արձակման իրադարձութիւնները:
Պերճի առեւանգումը պատահած է Շաբաթ գիշեր, երբ հայրը՝ Կարօն զինք տուն պիտի առաջնորդէր տեղական «Ուատի Տեկլա» ակումբէն, ուր Պերճ ոտնագնդակի մարզումի գացած էր: «Ինքնաշարժը քիչ մը հեռու կը կանգնէր, երբ 3 անծանօթ զինեալ մարդիկ յարձակած են եւ ինքնաշարժ նստելու պահուն երեխան առեւանգած են: Եղբայրս աննկարագրելի վիճակի մէջ գտնուած է», կը պատմէ Հայկ:
Առեւանգողներէն 2 հոգիի դէմքերը բաց եղած են, իսկ երրորդինը՝ դիմակաւորուած, սակայն Կարօն չէ ճանչցած զանոնք: Դէպքէն վայրկեաններ անց, Կարօն հեռաձայնած է Հայկին: «Ես սկիզբը չկարողացայ հասկնալ, թէ ի՞նչ պատահած էր. Կարօն այնքան պոռչտալով կը խօսէր եւ միաժամանակ օգնութիւն կը խնդրէր, որ կարծեցի, թէ Աստուած չ՛ընէ մահամերձ է: Աս ուղղակի ցնցեց ինծի», կը նկարագրէ Հայկ ու կը շարունակէ. «Հեռաձայնով կապուեցանք մեր երէց եղբօր՝ Պերճի հետ, որ Ամերիկա հաստատուած է: Ան Եգիպտական ոստիկանութեան անձնաւորութիւններու միջոցաւ մեզի ուղղութիւն տուաւ, թէ ինչ է մեզ պէտք»:
Առաջին հերթին, լուր տրուած էր Պետական Անվտանգութեան մարմնին, որմէ ետք իրենց ուղղորդած են Թակամմօ Ալ Խամես շրջանի ոստիկանատուն, ուր դէպքը ներկայացուցած են: Ոստիկանատան մէջ անոնց միացած են Արա Աւետիսեանն ու փրոֆ. Ժորժ Սիմոնեան: Ոստիկանատան պաշտօնեայի հետ գացած են դէպքի վայր, ուր շրջակայ բոլոր տուներու դռնապանները հարցաքննման ենթարկուած են եւ հետազօտուած է ամբողջ տարածքը:
Բացայատուած է որ առեւանգման նպատակը մէկ միլիոն եգիպտական ոսկի ($167,000) փրկագինն է:
Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 10:30ի շուրջ, ինքնաշարժ մը Կարոյի տան մօտ ժամանած է եւ փոքրիկն Պերճը 2 շէնք անդին թողած ու փախուստի դիմած են առեւանգողները: