
ԱՆԳԱՐԱ, ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին դատապարտած է Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն դէմ քրէական պատիժ սահմանող օրինագիծին վաւերացումը՝ զայն նկատելով «թուրք ժողովուրդին նկատմամբ անարգանքի դրսեւորում»:
Անդրադառնալով նախքան օրինագիծի վաւերացումը՝ իր հեռաձայնային զանգերուն չպատասխանելու Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կեցուածքին՝ Կիւլ ըսած է. «Նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ նախագահները իրարու հետ կը շփուին», աւելցնելով, թէ Ֆրանսայի նախագահին արարքները ցոյց կու տան, թէ ան «անձնական խնդիրներ ունի»:
Կիւլ նաեւ յայտարարած է, թէ Ֆրանսա չի կրնար մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ, որովհետեւ ան կորսնցուցած է անկողմնակալ ըլլալու իր վարկը, առանց յստակացնելու երկու հարցերուն միջեւ կապը:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսայի մտաւորականութիւնն ու գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչները «խոհեմութիւն կը դրսեւորեն եւ կը կասեցնեն իրենց արժէքներուն հակասող այդ գործընթացը»:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մօտ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռոլանտ Քոպիա, «1նիուզ.ազ» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ֆրանսացի համանախագահը՝ Եւրոմիութեան համանախագահով մը փոփարինելու կարելիութեան մասին հարցումի մը՝ յայտնած է. «Բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանին մէջ, Ֆրանսայի համանախագահութիւնը փոխելու մտադրութիւն չկայ։ Պէտք է շարունակել՝ կարգաւորման ուղին գտնելու համար, եւ ոչ թէ կանգ առնել՝ Մինսկի խմբակի կառուցուածքը փոխելու համար»։