
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին, հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը պախարակէ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած օրինագիծին դէմ Թուրքիոյ ժխտական կեցուածքը, եւ կը պնդէ, թէ Թուրքիոյ կողմէ պաշտպանուած «կարծիքի ազատութիւն»ը, իրականութեան մէջ ուրացումի ազատութեան պաշտպանութիւն է։
Հաղորդագրութիւնը, որ ստորագրուած է Առատ Տինքի, Կարօ Փայլանի, Հայկօ Պաղտատի, Մարգար Էսայեանի, Սիպիլ Չեքմենի, Թամար Նալճըի ու Թադէոս Պեպեքի կողմէ, կը պախարակէ նաեւ այն պնդումը, թէ խորհրդարանները պէտք չէ պատմութեան մասին վճիռ արձակեն։ «Եթէ ասիկա ճիշդ է, ուրեմն մենք այլեւս Հայկական Ցեղասպանութեան խնդիրին մէջ բան մը պիտի չկարենա՞նք սպասել Թուրքիոյ խորհրդարանէն. եթէ ասիկա ճիշդ է, ուրեմն ինչո՞ւ այսքա՛ն կը խանդավառուինք Տերսիմի մասին խօսուածներով», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հաղորդագրութիւնը ապա դիտել կու տայ, որ Թուրքիա երկար տարիներէ ի վեր կարծիքի ազատութեան պաշտպանութեան պատրուակին տակ ուրացումի քաղաքականութիւն կը մշակէ։ Հաղորդագրութիւնը հարց կու տայ, թէ ցեղասպանութեան ուրացումը գոնէ բարոյական տեսակէտէ յանցագործութիւն մը չէ՞։
Հաղորդագրութեան մէջ յիշեցում կը կատարուի նաեւ Հրանդ Տինքի խօսքերէն, ու կ՛ըսուի, թէ Թուրքիա իրեն ի նպաստ գործածեց Տինքի այդ խօսքերը։ Հաղորդագրութեան հեղինակներն ալ կը հաստատեն, թէ այս խնդիրին քննարկումը այլեւս պէտք է առնուի երրորդ երկիրներու ձեռքէն ու անոր լուծումը պէտք է փնտռուի Թուրքիոյ մէջ: